
Միջազգային ծանրաբարձութեան դաշնակցութեան որոշումով, Եւրոպայի 2023ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, ինչ որ աննախընթաց է Հայաստանի պատմութեան մէջ։
Մայիսին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ատրպէյճան:
Նշենք, որ 21-31 Մայիսին Եւրոպայի 2022ի կռփամարտի ախոյեանութիւնը եւս տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմին պատճառով, միջազգային մրցումներու մասնակցելու իրաւունքէն զրկուած են Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի մարզիկները: