
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին առիթով, Լաս Վեկասի Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ շրջանի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ եկեղեցիներուն մասնակցութեամբ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչում:
Հանդիսավարն էր կազմակերպիչ մարմինի անդամ Էյպ Քասամանեան, որ ներկայացուց ներկայ պետական պաշտօնատարները։
Ելոյթ ունեցան քոնկրեսականներ Տինա Թայթըս եւ Սիւզի Լի, Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիքթորիա Սիմըն, Լաս Վեկասի ոստիկանապետի թեկնածու ՄըքՄէյհիլ եւ Քլարք գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ Նեֆթ։
Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ իրաւաբան Լենա Յովհաննէսեան, որ մանրամասնութիւններ փոխանցեց նահանգի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ապահովելու ջանքերուն մասին, որոնք նոր թափ ստացան անցեալ տարի, երբ նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց նման դասաւանդումներ իրականացնելու բանաձեւը։
Շարք մը այլ պաշտօնատարներ, որոնք չէին կրցած ներկայ ըլլալ ոգեկոչման ձեռնարկին, զօրակցական հռչակագիրներ յղած էին։
(Քաղուած՝ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի հաղորդագրութենէն)
