Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկեց Ապրիլ 24ի յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման շուրջ հարցում մը, բացատրութիւն խնդրելով, թէ «ինչի՞ հիման վրայ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ջարդերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» որակելու հարցը պէտք է ձգուի իրաւաբաններու հայեցողութեան, իսկ 1915ի իրադարձութիւնները կ՛որակէ ցեղասպանութիւն»։
Թուրքիոյ նախագահը եւս արձագանգած էր Պայտընի ուղերձին, անոր խորհուրդ տալով «լաւ ուսումնասիրել հայերուն հետ տեղի ունեցածը»: «Չենք կրնար ներել, որ առանց այդ պատմութիւնը իմանալու, ան կը փորձէ Թուրքիոյ մարտահրաւէր նետել», յայտարարած էր Էրտողան։
«Նախագահ Պայտընի կողմէ իր յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութեան սահմանման օգտագործումը հիմնուած է պատմական գրառումներու վրայ, որոնք կատարուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումներուն վրայ, եւ այդ գրառումները կը համապատասխանեն ժամանակակից հետազօտութիւններուն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական պատասխանին մէջ: