
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Շաբաթ, 7 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6-9 տեղի պիտի ունենայ Landscape and Memory խորագրուած խմբային ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը։
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին հետեւեալ արուեստագէտները՝ Տան Էրօսմիթ, Սեմ Գրիգորեան, Ալինա Մնացականեան, Ճան Տէյվիտ Օ՛Պրայըն, Փօլ Փիմենթ եւ Տենի Շէյն։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 25 Յունիս։
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Անիկա բաց է Երեքշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 5:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել tufenkianfinearts.com կայքը կամ հեռաձայնել (818) 484-5688 թիւին կամ գրել info@tufenkianfinearts.com հասցէին։