ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու երրորդ ընտրատարածքը ներկայացնելու համար իր թեկնածութիւնը դրած Հենրի Սթըրնի ընտրապայքարին:
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդիւնաբեր գործակցութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Հենրի Սթըրնի հետ եւ ան ցոյց տուած է, որ սկզբունքներ յարգող ղեկավար մըն է, յատկապէս հայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեա՝, բացատրելով Սթըրնի ընտրապայքարին զօրակցելու վարչութեան որոշումը:
Նշենք, որ Սթըրն 2016ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ, ներկայացնելով 27րդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնան Էնսիոն, Նորթրիճը, Ռըսիտան, Ուուտլընտ Հիլզը եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի շարք մը այլ շրջաններ: