
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ դեմոկրատ եւ հանրապետական 64 քոնկրեսականներ նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2023ի ամավարկը համադրող ենթայանձնախումբին, որպէսզի կարելի ըլլայ առնուազն 150 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի կարիքներուն:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ նշեալ գումարը կենսական է՝ հասնելու համար Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչախումբերուն յարձակումներուն թիրախ դարձած Հայաստանի եւ Արցախի մարդասիրական եւ ապահովական կարիքներուն:
Օժանդակութեան 100 միլիոնը կը նախատեսուի Հայաստանին, իսկ 50 միլիոնը` Արցախի համար:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց քոնկրեսականներուն այս քայլը եւ շեշտեց, թէ աշխատանքը կը շարունակուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ, Հայաստանին եւ Արցախին առաւելագոյն աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները պէտք է անմիջապէս կասեցուին եւ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանի կողմէ պահուող առաւել քան 200 հայ պատերազմական գերիներուն ճակատագիրին գծով: