
ՊԷՅՐՈՒԹ․- «Ազդակ»ի 48րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Ապրիլին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7ին: Դասախօսեց «Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճ»ի եւ «Սինոփսիս Արմինա»ի հիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան՝ «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը` 21-րդ դարուն» նիւթով: Լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։
Դասախօսը նիւթը բաժնած էր հիմնական երեք ուղղութիւններու`
Ա.- Արհեստագիտութիւն
Բ.- Հաղորդակցութիւն
Գ.- Կրթութիւն
Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ներկայ տեղեկագիտական ճարտարագիտութեան յատկանիշներուն մասին` շեշտելով, որ անփոփոխ բաժինը ներկայ գործընթացներուն մէջ յարափոփոխութիւնն է, նորարարութեան յարատեւութիւնը:
Դասախօսը արհեստական բանականութեան այսօրուան սլացքին վերաբերող մանրամասնութիւններ փոխանցեց գիտամատչելի եղանակներով` տուեալներով յագեցած: Այս շրջածիրին մէջ, ինքնավար ինքնաշարժներու բանեցման համակարգին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով` դոկտ. Զօրեան կեդրոնացաւ չիփերու խտացման ուղղութեան վրայ, ծաւալի փոքրացման եւ տեղեկութիններու բազմապատկման առումներով:
Հեռահաղորդակցութիւնը կարեւոր բաժին էր դասախօսութեան մէջ: Մամուլ հասկացողութեան ձեւափոխման հոլովոյթի հակիրճ ներկայացումէն ետք, դոկտ. Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ փոխներգործօնութեան, մարդ անհատի մամուլի մաս կազմելու այսօրուան իրականութեան եւ ընդհանրապէս վըրչուըլ իրականութեան այսօրուան դրութեան մասին:
Հայկական գետնի վրայ, դասախօսը երեք կարեւոր իրականացումներու մասին խօսեցաւ` Հայ Քոնեքթ, Արմինիըն վրըչուըլ քոլեճ եւ հայ գիտնականներ ու հայկական գիտական ընկերութիւններ համախմբող Արմինիըն վըրչուըլ Պրիճ:
Դոկտ. Զօրեան դասխօսութեան աւարտին անդրադարձաւ այս մարզին մէջ հետագայ ուղղութեան մասին` «Խելացի ակնոցներով» վըրչուըլ աշխարհ տեղափոխուիլ եւ այդ բոլորին մէջ շեշտեց հայկական կրթութեան մէջ օգտագործելու հրամայականը:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում մը: