25 Ապրիլին կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ իրաւաբան Վարդգէս Շամլեան:
Ան ծնած է 1928ին, Կիլիկիոյ Ալեքսանտրեթ քաղաքին մօտակայ Պէյլան բնակավայրին մէջ:
Տասնմէկ տարեկանին ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Լիբանան:
Կ՛աւարտէ Պէյրութի Համազգայինին Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:
Կ՛աւարտէ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Այս ուսումնական հաստատութիւնը, հանդիսանալով Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի պետական ակադեմիոյ մասնաճիւղը, ան կը ստանայ իրաւաբանութեան Ֆրանսական պետական վկայականը:
Ապա ան կ՛արժանանայ ֆրանսական իրաւաբանական եւ լիբանանեան իրաւաբանական լիսանսներուն: Իսկ այդ բոլորէն քառասուներկու տարիներ ետք, Գանատայի մէջ, ինքզինք երեք տարիներու համալսարանական ուսումի ենթարկելով, կ՛աւարտէ Մոնթրէալի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը ու այդտեղ կը ստանայ իրաւաբանութեան վկայական մը եւս:
1952էն մինչեւ 2018 կը գործէ իբրեւ իրաւաբան նախ Պէյրութի, ապա Գանատայի մէջ:
1960էն 1964 կ՛ընտրուի եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Թէ՛ այդ պաշտօնին ընդմէջէն եւ թէ իբրեւ իրաւաբան, ան տեւաբար ծառայած է հայ համայնքին:
Եղած է դասատու եւ դասախօս Հայոց հին օրէնքի, Պէյրութի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ:
Եղած է անդամ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան` Սիմոն Վրացեանի ատենապետութեամբ:
Եղած է անդամ եւ ատենապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան:
Քսան տարիներ անընդմէջ եղած է փաստաբանը եւ իրաւաբանական խորհրդատուն Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ անոր կապուած Լիբանանի հայ համայնքի բազմաթիւ հիմնարկներու եւ վարչական մարմիններու:
Եղած է անդամը եւ բանբերը` Լիբանանի Հոգեւոր համայնքներու վարչական համալիբանանեան խորհուրդին:
Լիբանանի հայ համայնքին անունով պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին կարելի է նշել Եգիպտոսի նախագահ Ժամալ Ապտել Նասերը, Լիբանանի նախագահներ Քամիլ Շամունը, Պեշիր Ժեմայէլը, Ամին Ժեմայէլը, Էմիլ Լահուտը․․․ Նոյնպէս պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է Փիեռ Ժեմայէլի եւ Եասեր Արաֆաթի հետ:
1984ին, Լիբանանի պետութիւնը զայն կը նշանակէ անդամ Սահմանադրական յանձնախումբին, որուն վստահուած էր Լիբանանի նոր Սահմանադրութեան մը խմբագրումը:
Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ, 1994էն 2007, եղած է անդամ Ազգային երեսփոխանական ժողովներու:
2001-2002 թուականներուն եղած է առաջին ատենապետը Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան Գործադիր մարմինին:
Մասնակցած է Հայոց հին օրէնքի մասին դասագիրքի մը պատրաստութեան` Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին համար:
Հեղինակն է հրատարակուած հինգ գիրքերու` իրաւաբանական, քաղաքական, ազգային, իմաստասիրական եւ ինքնակենսագրական բովանդակութիւններով` «Իրաւաբանին Խղճմտանքը», «Ծեր Կաղնիներու Շուքին», «Ուխտագնացութիւն Դէպի Պերլին», «Այլազան Գրութիւններու Ժողովածոյ» եւ «Յուշագրական Ալպոմ»։
Քաղաքական եւ ազգային նիւթերու առնչութեամբ իրաւաբան Վարդգէս Շամլեան հրատարակած է իր լայնածաւալ յուշերուն եւ վկայութիւններուն փոքրիկ մէկ մասը միայն:
Իբրեւ կուսակցական անդամ՝ ան տեւաբար եւ մշտապէս ծառայած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: