ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Անցեալ շաբաթ կայացաւ «Կէզի» զբօսայգիի դատավարութեան վճռական փուլը եւ դատակազմը մեղադրեալներուն վերջին յայտերը լսելէ ետք, գործարար եւ մշակութային գործիչ Օսման Քաւալան դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան:
Դատակազմը առանց փաստերու համոզուեցաւ, որ Քաւալա 79 քաղաքներու մէջ զանգուածային ցոյցեր կազմակերպելով՝ փորձած է իշխող կառավարութիւնը տապալել: Նոյն յանցանքով 7 ուրիշներ 18 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան:
Դատակազմի այս վճիռը շատ մեծ հակազդեցութիւն պատճառեց եւ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Պոլոյ, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ:
Ուաշինկթըն եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ քննադատեցին եւ «անարդար» որակեցին որոշումը, պահանջելով բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:
Մեղադրեալներու իրաւապաշտպաններէն Աքչայ Թաշչը յայտարարեց, որ պիտի առարկեն դատակազմի այս անընդունելի վճիռին դէմ:
Եւրոպական խորհրդարանը եւս բուռն կերպով հակազդեց դատարանի որոշման՝ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ Թուրքիոյ տեղեկատու Նաքօ Սանչես Ամոր եւ Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ խորհրդարականներու միութեան նախագահ Սերկէյ Լակոտինսքի իրենց ցասումը արտայայտեցին՝ ըսելով թէ դատակազմը հաւանական ամէնէն վատ մեկնաբանութեան դիմած է: «Այս վճիռը բացայայտ կերպով ներհակ է Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանի որոշումներուն եւ բնականաբար հետեւանքներ պիտի ունենայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Իրաւապաշտպան Միջազգային Ներում կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակը եւս դատապարտեց վճիռը՝ նշելով. «Այսօր արտակարգ անարդարութեան մը ականատես եղանք: Դատարանի որոշումը ոչ միայն Օսման Քաւալայի եւ իր հետ դատուող անձերուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ արդարութեան ու մարդկային իրաւունքները պաշտանողներուն ուղղուած է»:
Ընդդիմադիր ղեկավար Քըլըչտարօղլու եւս բողոքեց այս որոշումին դէմ՝ նշելով. ««Կէզի»ի դիմադրութիւնը զօրակցութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ձօնուած ազգային շարժում մըն էր: Բռնապետական իշխանութիւնը իրաւաբանական սկզբունքները ոտնակոխելով՝ կը շարունակէ իր երթը»: