Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ` Արեւմտեան թեմին մէջ Ցեղասպանութեան 107ամեակը նշուեցաւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, թէ՛ պաշտօնական եւ թէ համայնքային ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:
Այս բոլորին բարձրակէտը եղաւ 23-24 Ապրիլը, երբ առաջնորդը՝ հոգեւորականաց դասու եւ թեմական ու ծխական վարչութիւններու անդամներու հետ մասնակցեցաւ զանազան ոգեկոչական ձեռնարկներու, արարողութիւններու եւ յուշահանդէսներու:
Շաբաթ՝ 23 Ապրիլի կէսօրին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւն եւ մշակութային ելոյթներ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ թեմիս հոգեւորականաց դասի եւ Հայ կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններու հոգեւորականներու՝ կատարեց Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ սուրբերուն նուիրուած բարեխօսական կարգը:
Կիրակի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուած Ս․ պատարագին եւ Սրբոց նահատակաց յիշատակի կարգին։ Օրուան պատարագիչն էր Մանուկ Ա․ քհնյ․ Մարգարեան։
Յաւարտ Ս․ պատարագի, ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր՝ կատարուեցաւ հաւաքական մկրտութեան բացառիկ արարողութիւն, որուն նախորդած էր ծաւալուն նախապատրաստական շրջան Մեծի Պահոց ընթացքին։ Սրբազան հօր օրհնութեամբ՝ ամէն տարի Ապրիլ 24ին, այլեւս իբրեւ ձեւաւորուած աւանդոյթ տեղի պիտի ունենայ հաւաքական մկրտութիւն՝ ի յիշատակ վասն հաւատի նահատակաց։
Մկրտութեան եւ Դրոշմի հոգեզմայլ ու խորախորհուրդ արարողութիւններու աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը եւ օրհնութիւնը նորոգ մկրտեալններուն փոխանցելէ ետք՝ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն՝ ընդգծելով․ «Այս օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակները ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի կը ոգեկոչեն յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնք 107 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած ցեղասպանութեան զոհը դարձան։ Անցնող 107 տարիներուն ընթացքին բազում միջոցներով մեր ազգի զաւակունք իրենց խոնարհումով յարգեցին յիշատակը մէկուկէս միլիոն մեր անմեղ նահատակներուն, որոնք ցեղասպանութեան 100ամեակի օրերուն սրբադասուեցան, քանզի իրենց կեանքը պատարագեցին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Թերեւս պետութիւններ եւ հեղինակաւոր հաստատութիւններ կամ առանձին քաղաքներ պաշտօնապէս ընդունեցին 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուածը որպէս 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, բայց թէ որքանով աշխարհը իր արդար վճիռը կարողացաւ գործնապէս կայացնել։ Անոր ամէնէն վառ ապացոյցն այն է, որ Սփիւռքը իր մեծ զանգուածով կը շարունակէ ապրիլ իր պապենական հողերէն դուրս, եւ Աստուած գիտէ, թէ երբ կը հասնինք մեր արդար դատի իրագործման։ Էականը այն է, սակայն, որ սուրբ նահատակներու տեսիլքը՝ հաւատքով ու հայրենական շունչով ու գիտակցութեամբ ապրինք աննահանջ»։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ