
50,000 ՏՈԼԱՐ՝ ՖԵՐԱՀԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ
Կիրակի, 1 Մայիսին, Էնսինոյի Ս. նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, յատուկ թափօր մը, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, մասնակցութեամբ սրբազան արքեպիսկոպոսներու եւ Կրօնական ժողովի վարդապետ ու քահանայ հայրերու, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային երեսփոխաններու, Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներու, տեղւոյն hոգաբարձական կազմին, ղեկավարութեան, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնին, անձնակազմին, Ուսումնական մարմինին, ուսուցիչներու եւ բարձրագոյն կարգի աշակերտներու, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու, բարերարներու, բարեկամներու եւ հարիւրաւոր հաւատացեալ ժողովուրդի, շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ համալիրին կից գնուող նոր կալուածը, ուր առաջնորդ սրբազանը կատարեց օրհնութեան յատուկ կարգ:

Այս առիթով, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Պէնլեան նոր կալուածի բանալիները յանձնեց առաջնորդին՝ առ յերախտագիտութիւն Թորգոմ եպիսկոպոսին ունեցած եզակի դերին եւ Ազգային վարչութեան ներդրումին այս նոր կալուածի ձեռքբերման ճիգին ու աշխատանքին մէջ:
Բանալիներէն օրինակ մըն ալ՝ իբրեւ խորհրդանիշ դպրոցի ընդլայնման աշխատանքներու գործնականացման առաջին փուլին, տրուեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանին:
Սրբազանի վկայութեամբ՝ «Ընդհանրապէս Արեւմտեան թեմի կեանքէն ներս եւ մասնաւորաբար Սան Ֆերնանտոյի մեր համայնքին համար, ոչ թէ լոկ պատմական, այլեւ յաղթական օր է այսօր, երբ երէկ անիրականանալի թուացածը այսօր կը դառնայ շօշափելի իրականութիւն, շնորհիւ մեր ժողովրդեան հաւաքական կամքին, բարերարներուն ու բարեկամներուն հաւատքին, շրջանի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներու աշխատունակ ոգիին եւ Ազգային առաջնորդարանի հսկող ու առաջնորդող ուղենշային հովանաւորութեան: Բի՜ւր յարգանք՝ ծանօթ ու անծանօթ Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող նուիրեալ բարերարներուն, որոնք հաւաքական երազներ իրականութեան կը վերածեն եւ տեսիլքներու մարմին կու տան՝ միշտ աստուածային իմաստութեամբ առաջնորդուած, ի վայելումն հայոց ազգին ու մեր զաւակաց»:
Աւարտին, բոլոր ներկաները առիթ ունեցան շրջելու կալուածին մէջ եւ ապրելու Ազգային առաջնորդարանի նոր նուաճման արդար հրճուանքը:
Երեքշաբթի օր, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանէն ստացանք հետեւեալ գրութիւնը․
«Բարձր գնահատանքով կ՛ողջունենք Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ հոգաբարձական կազմը, որոնք Կիրակի օրուան մթնոլորտէն (նոր գնուած կալուածի ծանօթացման հաւաքին) խանդավառ, հայ դպրոցի պայծառութեան եւ ընդարձակման ի նպաստ 50,000 տոլարի վճարագիր մը դրին մեր տրամադրութեան տակ, առ ի գործածութիւն Ֆերահեան վարժարանի ընդարձակման ծրագիրին: Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր միութիւններուն ու կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ անհատ գործարարներու եւ սեփականատէրերու, մասնաւորաբար Ֆերահեան Ազգային վարժարանի մայրական արգանդէն ծնած նախկին աշակերտներու, որոնք ներկայիս կը գտնուին բարձր պաշտօններու վրայ եւ ունին բազում հնարաւորութիւններ՝ իրենք զիրենք եւս տեսնելու նոր գնուած կալուածի մուրհակի մարման պատուաբեր առաքելութեան մէջ, երջանիկ փութով մը իրենց կարելիութիւններէն բաժին հանեն նաեւ ազգի ու շրջանի հայութեան առաւել բարգաւաճման գործին»: