ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 4 Մայիսին սկսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի պաշտօնական այցելութիւնը Վրաստան:
Պապիկեան այս ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Ճվանշեր Պուրչուլաձենի հետ․ անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերու։
Քննարկուեցան պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները ռազմակրթութեան, փորձառութեան փոխանակման, բարեվարքութեան եւ մարդու իրաւունքներու, ընկերային ապահովութեան եւ այլ ուղղութիւններով:
Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2022ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը:
Նոյն օրը, Պապիկեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ, որուն ներկայացուց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ տեղի ունեցած տեսակցութեան արդիւնքները եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պամանաւորուածութիւնները:
Պապիկեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի կողմէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող քայլերը եւ կարեւոր նկատեց այդ գործընթացներուն մէջ Վրաստանի դերակատարութիւնը:
Պապիկեան Ղարիպաշվիլիին շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հայրենադարձման ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ, մասնաւորապէս, նախորդ տարուան Յունիսին Հայաստան վերադարձան 15 հայ ռազմագերիներ: