ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Միացեալ Նահանգներ տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան՝ վերահաստատուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ իր ամուր աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ` կառուցելու պատասխանատու ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնարկներ, որոնք պիտի արտացոլացնեն ընդհանուր արժէքները եւ պիտի ապահովեն աւելի արդիւնաւէտ կառավարում եւ բարեկեցութիւն:
Միրզոյեանի հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի դրական ժողովրդավարական ուղիին սատարելուն վերաբերող Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան` զանազան բնագաւառներու մէջ։ Քննարկման առանցքային թեմաներէն էին նաեւ տնտեսական ոլորտին մէջ փոխադարձ բարեկեցութեան նպաստող կառուցակազմերը, ներառեալ` ուժանիւթի գծով համագործակցութիւնը եւ աշխատուժի զարգացումը` առեւտուրի ու ներդրումներու ոլորտին մէջ երկկողմ կապերը խթանելու եւ խորացնելու նպատակով:
«Երկու պատուիրակութիւնները քննարկեցին հարցեր, որոնք կը վերաբերին սահմանային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ու ապահովութեան ոլորտին մէջ գործընկերութեան։ Պատուիրակութիւնները միտքեր փոխանակեցին ապահովութեան հարցերու շուրջ եւ անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան` իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր` օժտուած Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպաստելու յանձնարարութեամ», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքին Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` ամրապնդելու երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով:
Իր այցելութիւններուն ընթացքին Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ազգային ժողովրդավարութեան հիմնարկի (NDI) նախագահ Տերըք Միչըլի հետ:
Միրզոյեան հաստատեց իր երկրի յանձնառութիւնը` ժողովրդավարութեան խթանման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարին մէջ` ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող բարեփոխումները կը միտին բարձրացնել պետական մարմիններու գործունէութեան թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը: