
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ նշանակուած է իր նոր վարչութիւնը, որ պիտի շարունակէ սերտացել Փասատինայի եւ սահմանակից քաղաքներու քաղաքապետական խորհուրդներուն հետ իր յարաբերութիւնները, նոյն ժամանակ շարունակելով նպաստել շրջանի հայութեան բարգաւաճման եւ քաղաքական աշխուժութեան։
«Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները, բարելաւելու համար շրջանի հայութեան դիրքը», կը յայտնէ վարչութեան գանձապահ Վիգէն Հարպոյեան։
Նոր վարչութեան անդամներն են՝ Տօնիկ Տօնապետեան (ատենապետ), իրաւաբան Կարէն Կիրակոսեան (ատենադպիր), Վիգէն Հարպոյեան (գանձապահ), Դաւիթ Ճորճ Գէորգեան եւ Սթեֆընի Խաչիկեան (խորհրդականներ)։