ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան Սեպտեմբեր 28ի նիստին հաւանութեան արժանացաւ 2007ի պետական ամավարկի նախագիծը:
Յաջորդ տարի ծրագրուած է 2922 միլիառ դրամի համախառն ներքին արդիւնք (ՀՆԱ), տնտեսական աճը՝ 9 տոկոս:
Այս մասին յայտնեց ելեւմուտի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Պաւէլ Սաֆարեան եւ նշեց, որ 2007ին սղաճը կը նախատեսուի պահպանել չորս տոկոսի սահմաններուն, իսկ տոլար-դրամ փոխարժէքը ներկայացուած է 357 դրամով:
Պետական ամավարկի ընդհանուր եկամուտները 2007ին ծրագրուած է 489 միլիառ 500 միլիոն դրամ՝ ՀՆԱի 16.8 տոկոսը:
Ամավարկի ծախսերը կը կազմեն 557 միլիառ 800 միլիոն դրամ՝ ՀՆԱի 19.1 տոկոսը: Ամավարկի բացը ծրագրուած է 68.3 միլիառ՝ ՀՆԱին մէջ այն կը կազմէ 2.3 տոկոս՝ 2006ի ամավարկով նախատեսուած 2.9 տոկոսի համեմատ: Ըստ Պ. Սաֆարեանի՝ ամավարկի բացի 41 միլիառ դրամը կը նախատեսուի ծածկել արտաքին աղբիւրներու 8.5 տոկոսով՝ արժէթուղթերէն ստացած եկամուտներու, մնացածը սեփականաշնորհման միջոցներու հաշուին: Նախատեսուած են նաեւ գումարներ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ու եւ «Լինսի»ի ծրագիրներով: