
ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆՆԷՍ
Կիրակի, 1 Մայիսին, Պոլսահայ միութիւնը «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ կազմակերպած էր յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15րդ տարելիցին առթիւ:
Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանի քաղցրահնչիւն մեղեդիներով:
Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Տինքի, Սեւակ Պալըքճըի եւ վերջերս մեզմէ անդարձ բաժնուած Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետ՝ տոքթ. Վահրամ Պիրիճիկի եւ միութեան տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Թալին Եայլաօղլուի հոգիներուն, ապա հրաւիրեց հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու:
Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք տոքթ. Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան բոլոր անդամներուն թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական իրենց աջակցութեան համար:
Ձեռնարկի հանդիսավարուհին կրթական մշակ Ռոզալին Մատոյեանն էր, որ ձեռնհասօրէն վարեց երեկոն: Ան յայտնեց, որ թէ՛ Հրանդ Տինք եւ թէ Էտվին Մինասեան (Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան հանգուցեալ ատենապետ) ողնաշարն էին հայ ժողովուրդին: Անոնք ընելիք շատ բան ունէին տալիք իրենց ժողովուրդին, սակայն դժբախտաբար անոնց գործը անաւարտ մնաց եւ իրենց անունը դրոշմուեցաւ պատմութեան մէջ:
Հանդիսավարուհին հրաւիրեց գործարար Մարք Չէնեանը, որ յայտնեց, թէ լսած է արձագանգ մը, որուն ձայնը ծանօթ էր իրեն եւ այդ՝ հանգուցեալ Էտվինի ձայնն էր, որ կ՛ըսէր, թէ ֆիզիքապէս ձեզի հետ չեմ, սակայն հոգեպէս՝ այո: Չէնեան խօսեցաւ Հրանդ Տինքի հետ 2016ին, Երեւանի մէջ իր ունեցած մէկ ժամ տեւողութեամբ հարցազրոյցին մասին, որուն ընթացքին խօսուած էր երկու կարեւոր նիւթերու շուրջ՝ ի՞նչ պէտք է ընել եւ ի՞նչ պէտք չէ ընել: Ան յայտնեց, թէ Տինք հայկական աշխարհին կը նայէր եռանկիւնի ձեւով եւ կը հաւատար, թէ անոր երեք մասերէն որեւէ մէկը պէտք չէ ստորադասել միւս երկուքին։ Ան կ՛ընդունէր, թէ եռանկիւնը պէտք եղած ձեւով չէր ընթանար: Ծայրայեղութիւնը արգելք կ՛ըլլար այս երեքին յառաջանալուն: Իր նպատակն էր վերադարձնել կարգ մը բռնագրաւուած հողեր մեր պայմաններով եւ շարունակ յառաջանալ: Տինք ջանաց ցոյց տալ, որ ծայրայեղութիւնը վնասկար է, եզրակացուց ան:
Հրաւիրուեցաւ երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեանը, որ երգեց «Ես Լսեցի Մի Անուշ Ձայն» եւ «Սարերի Հովին Մեռնեմ»:
Հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց դոկտ․ Կարապետ Մոմճեանը, որ խօսեցաւ Մուսթաֆա Քէմալի կողմէ որդեգրուած հայուհի Սապիհա Կէօքչէնի մասին, որ ունէր շատ զօրաւոր զինուորական ձգտումներ եւ որ 1920ականներուն դարձած էր զինուորական օդաչու, հանդիսանալով առաջինը Թուրքիոյ մէջ: Դոկտ․ Մոմճեան խօսեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեան մասին ե անդրադարձաւ անոր, թէ ինչո՛ւ մէկուկէս միլիոն եւ մէկ նահատակ որակուեցաւ ան հայութեան կողմէ եւ դարձաւ գաղափարախօսութեան զոհը:
1927-28ին, երբ ծագեցաւ Արարատեան (եէրսիմ) ապստամբութիւնը քիւրտերու կողմէ, հայերն ալ մասնակցեցան եւ երբ ռումբեր նետուեցան, որոնցմէ մէկը Արարատի շրջանին մէջ ապստամբութեան ռահվիրայ Սէյիտ Ռըզայի վրայ, վերջ գտաւ ապստամբութիւնը: Ան բացատրեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն կը սերմանուէր Թուրքիոյ մատղաշ սերունդին մէջ: Ինչ որ հայերը կը գրեն եւ կը խօսին սուտ է, կ՛ըսէին թուրքերը: Յատուկ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւն էր այդ, զոր մինչեւ այսօր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ: Նաեւ կան ակադեմական դէմքեր, որոնք ձեւով մը կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը սակայն թուրքը կը մերժէ, որպէսզի հատուցման հարցը չծագի:
Դոկտ. Մոմճեան խօսեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեան մասին՝ ըսելով, թէ Տինք կը մտածէր, որ եթէ Գերմանիան Հրեաներուն ողջակիզումը ուրանար, այսօր զօրաւոր Հրէաստան մը գոյութիւն պիտի չունենար:
Երկրորդ հարցը եռանկիւնին մասին էր, որուն ակնարկած էր Չէնեան, խօսելով Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն մասին: Տինքի համար կարեւոր էր, որ Թուրքիոյ հայերը հասկցուին Սփիւռքին կողմէ, թէ անոնք ի՛նչ տեսակի ճնշուածութեան տակ էին, պարտաւոր էին թրքանալ եւ ինքնութեան լուրջ հարց կար: Երկրորդ՝ պէտք էր դրական ձեւով մտածուէր ինքնութեան մասին: Կար ինքնութիւն մը, որ սուգի, վախի եւ հալածանքի վրայ հիմնուած էր: Հրանդը կը փորձէր ազատ աղաւնիի նման մէջտեղ մնալ․ նոյն կացութեան մէջ է հիմա Կարօ Փայլան:


Նաեւ Հրանդը կը խօսէր Սապիհա Կէօքչէնի մասին, թէ ինչպէս հայ բեկոր մը Ցեղասպանութենէն ազատած, կը մոռնար իր ազգութիւնը եւ կը դառնար թուրք ազգի լաւագոյն կերպարներէն մին: Տինքի համար հիմնական հարցը այն էր, որ թրքահայը պոլսահայութեամբ չի վերջանար: Հիմա Տինքի նման մտածողները կարեւոր են մեր հարցերուն ամբողջական լուծում բերելու առումով եւ Հրանդի նման մարդիկ կը բացակային այսօր: Խոհուն մտածողութիւն չկայ, այլ կայ ամէն տեսակ հարց՝ ծայրայեղութեամբ դիմակալելու մօտեցում, ըսաւ Մոմճեան եւ եզրափակեց՝ ըսելով․ «Աստուած ազատէ մեզ»: Դարձեալ բեմ բարձրացաւ տուտուկահար Վարդանեան եւ նուագեց «Սարի Աղջիկ»ը:
Հրաւիրուեցաւ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, որ յայտնեց, թէ Տինք եւ Մինասեան դասալիք չեղան պայքարի դաշտէն, անոնց ունեցած պայքարի ոգին չի կրնայ ունենալ ոեւէ անհատ: Անոնց բարի ապրումները յաղթանակի պիտի առաջնորդեն բոլորիս եւ իրենց կեանքի օրինակին հետեւելով պիտի ըլլանք արդար, խիզախ եւ նախանձախնդիր ու պահապան՝ հայկական արժէքներուն: Հրանդն ու Էտվինը պիտի մնան ճառագայթող աստղեր իրենց բարի ժպիտներով: Իրաւաբան Ղազարեան շեշտեց, թէ իր երթը Էտվինի հետ չունի աւարտ եւ իր մշտադալար հոգին, որպէս անմար երգ, կը լուսաւորէ մեզ եւ իր ջերմ ժպիտը ցմահ դրոշմուած կը մնայ մեր հոգիներուն մէջ:
Հանդիսավարուհին հրաւիրեց տոքթ. Աւետիքեան որպէսզի ընթերցէ «Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մէկի Մանկասարեան-Կօշինի հակիրճ կենսագրականը, հինգ տարիներու ընթացքին թանգարանը եւ հիւրասիրութիւն տրամադրած ըլլալուն համար Պոլսահայ միութեան ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի հանդէպ իր կատարած զոհողութիւններուն համար, որմէ ետք ան հրաւիրուեցաւ ստանալու Պոլսահայ միութեան Պատուոյ անդամի զարդասեղը: Մանկասարեան յայտնեց, թէ իր ուժը եւ խրախուսանքը ստացած է իր հանգուցեալ հօրմէ, որուն կը պարտի ամէն բան:
Հրաւիրուեցաւ միութեան գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, որ կարդաց իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի հակիրճ կենսագրականը, նշեց հայ համայնքին հանդէպ անոր կատարած զոհողութիւնները եւ միութեան մօտիկ բարեկամ ըլլալը, ապա զայն պատուեց Պոլսահայ միութեան Պատուոյ անդամի զարդասեղով: Իրաւաբան Կանիմեան յայտնեց, թէ ազգին ծառայելու յատկութիւնը կը պարտի իր ծնողաց եւ մեծ հօր, իսկ համբերութիւնը ու քաջալերանքը կը պարտի իր կնոջ: Ան յայտնեց, թէ իսկապէս իրեն համար պատիւ է պոլսահայոց մէջ ըլլալ:
Վերջին բաժինով հրաւիրուեցաւ փրոֆ. Թաներ Աքչամ, որ իր սրտի խօսքին մէջ, վեր առնելով Էտվինի բազում յատկութիւնները եւ աշխատանքային եռանդն ու վարակիչ կորովը, յայտնեց, թէ կան մարդիկ, որոնք կը մնան նախադրեալ, առանց որոնց ոչ մէկ բան կարելի է ընել։ Անոնք իրենց համայնքի ողնաշարն են եւ երբ բացակային, հսկայական բաց կը ձգեն մեր կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, թէ Էտվինին հանդիպած է 1999ին, եւ Էտվինն էր, որ կը կազմակերպէր բոլոր ձեռնարկները եւ կանգնած կ՛ըլլար քուլիսներու ետին: Ան ոչ միայն գործիչ էր, այլ գիտելիքի հսկայական պաշար ունէր: Էտվինէն էր որ իմացած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ամերիկեան իրաւական համակարգի դերի մասին։ «Եթէ մենք բոլորս ստանձնենք Էտվինի տեսլականներէն մին իրականացնելու պարտականութիւնը, մենք կը կարողանանք առաջ մղել այն փառահեղ աշխատանքը, որ դեռ մեր առջեւն է», յայտնեց փրոֆ. Աքչամ:
Հրաւիրուեցան գործադիր յանձնախումբի անդամներ՝ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Էտի Սարաֆօղլու, Սերժ Պուլանըքեան, Հերման Եայլաօղլու, Յակոբ Հալըճը, միութեան նախկին ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր թոռը՝ Էտրիըն Մինասեան, ինչպէս նաեւ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան եւ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, յանձնելու համար «Հրանդ Տինք Արդարութեան եւ Ազատութեան» տարեկան շքանշանը, հանգուցեալ իրաւաբան՝ Էտվին Մինասեանի եղբօրորդւոյն՝ Էտրիըն Մինասեանի:
Նախքան յանձնումը՝ խօսք առաւ Հոգաբարձութեան փոխնախագահ Էտի Սարաֆօղլու՝ ըսելով. «Մեզի համար տխուր օր մըն է, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մտերիմ ընկեր մը, իսկ ես անձնապէս կորսնցուցի զարմիկ մը, որ ընտանիքին անկիւնաքարն էր»: Ապա փոխանցուեցաւ հանգուցեալ Էտվին Մինասեանի յետ մահու արժանացած «Հրանդ Տինք Արդարութեան եւ Ազատութեան» շքանշանը։
Իրաւաբան Մինասեան երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած էր Լոս Անճելըսի հայ համայնքին եւ արժանի էր յետմահու այս մեծարանքին։ Անոր գործունէութեան դրոշմը առյաւէտ պիտի մնայ մեր ազգային կեանքէն ներս։
Շնորհակալութիւն՝ շքանշանի եւ զարդասեղներու նուիրատուներ՝ տէր եւ տիկին Էտի (Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան փոխատենապետ) եւ Թալին Սարաֆօղլուին (միութեան տիկնանց յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի):
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները իրարու հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

