
23 Ապրիլին, հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա գաւառի հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը իրականացուց, համագործակցութեամբ Հայց. Ս․ Անտրէաս եկեղեցւոյ, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղին, Սիլիքոն հովիտի ՀԲԸՄին, ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան եւ Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Հանդիսավարն էր Թամար Գրիգորեան, իսկ ձեռնարկը սկսաւ Սանթա Քլարայի ՀՄԸՄի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ եւ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու քայլերգներուն կատարումով, Պենճըմին Ռութաքի կողմէ:
Ս․ Անտրէաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհյն. Յարութիւնեանի աղօթքէն ետք, Անի Ենիքոմոշեան ներկայացուց ձեռնարկի պատուոյ հիւրը` քոնկրեսական Ռօ Խանանը, որ անդամ է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին:

Քոնկրեսականը շեշտեց, թէ միշտ պէտք է յիշել Ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատմութիւնը պէտք է դասաւանդել ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի 107 տարի առաջ տեղի ունեցած այդ բարբարոսութիւնը չկրկնուի:
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Գարին Ենիքոմոշեան՝ դատապարտելով աշխարհի անտարբերութիւնը ատրպէյճանական բռնարարքներուն դիմաց՝ ազդարարելով, թէ Հայաստան գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամ․ ան շեշտեց, որ պատմական անարդարարութիւնները պէտք է սրբագրուին, վնասուց հատուցում պէտք է տրամադրուի եւ Անգարա պէտք է վերջ դնէ ուրացման քաղաքականութեան, եթէ կը փափաքի քաղաքակիրթ երկիր մը ըլլալ: «Ճանաչման արշաւը երկար եւ դժուար էր, իսկ վնասուց հատուցում ապահովելու պայքարը աւելի կարճատեւ կամ բարդ պիտի չըլլայ», եզրակացուց ան՝ շեշտելով պայքարը աննկուն կերպով շարունակելու կարեւորութիւնը:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Սանթա Քլարա գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Ճօ Սիմիթեան եւ Սանթա Քլարա քաղաքի փոխքաղաքապետ Լիանկ Չաօ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւն բերին Անահիտ Թորոսեան, Դանիէլ Եուսէֆեան, դոկտ. Լորի Փանոսեան եւ Ալլա Պետրոսեան
Աւարտին, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղէն Գրիգոր Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրին մասնակցողներուն եւ ներկաներուն, որմէ ետք մասնակցողները աղօթեցին եւ ծաղիկներ խոնրահեցին Ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքարին առջեւ:
(Քաղուած Արա Երկանեանի թղթակցութենէն)
