ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Շաբաթավերջին, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին օծուեցաւ եւ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան։
Ս. Կիրակոս եկեղեցին բառին բուն իմաստով վկայութեան կոթող մըն է՝ արեւմտահայութեան անցեալի հարստութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւատքի խորութեան տեսակէտէն։ Երկար ժամանակ անմխիթար վիճակի մէջ մնացած այս սրբավայրը մօտաւոր անցեալին պատրիարքական աթոռին ջանքերով վերանորոգուած դեւ պաշտամունքի վերաբացուած էր։ Կարճ ժամանակ ետք, շրջանին մէջ քիւրտ-թրքական զինեալ բախումներուն պատճառով եկեղեցին դարձեալ լրջօրէն վնասուած եւ անգործածելի դարձած էր՝ քաղաքի պատմական կեդրոնի այլ սրբավայրերուն առընթեր։ Ապա սկսած էր վերանորոգութեան աշխատանքը, պետութեան կողմէ յատկացուած միջոցներով։ Վերջապէս, երկարաշունչ այս գործընթացը հասաւ աւարտին եւ շաբաթավերջին վերանորոգեալ եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը ազդարարեցին անոր պաշտամունքի վերաբացուած ըլլալը։
Այս առթիւ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուեցաւ եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը շէնցուց պատմական աղօթավայրը։
Օծման արարողութեան նախորդեց եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումը՝ մասնակցութեամբ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի։ Ներկայ էին նաեւ այլ պաշտօնատարներ եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Ապա տեղի ունեցաւ օծման արարողութիւնը։ «Դռնբացէք»էն ետք, պատրիարքը եւ հոգեւոր հայրերը հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին տաճար, ուր պատրիարքը տուաւ իր հայրական պատգամը։
Կիրակի օր, բարեզարդեալ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատրիարքը մատոյց անդրանիկ Ս. պատարագը, որուն ընթացքին «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւորապէս կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց վեհափառին սրբատառ կոնդակը, որով Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին շնորհուեցաւ Սուրբ Էջմիածինի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը՝ ի գնահատումն անոր ծառայութիւններուն։
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Տիգրանակերտի թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւոր սպասաւորներու, հաւատացեալներու եւ այս եկեղեցւոյ վերջին երկու հովիւներուն՝ վախճանեալներ՝ Կիրակոս քհնյ. Թոքաթլեանի եւ Տ. Վարագ քհնյ. Պէյլէրեանի յիշատակին։
Կրօնական արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ ճաշ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նաեւ խորհրդակատարութիւն։ Այս փուլին կատարուեցաւ չորս մկրտութիւն եւ մէկ պսակ։ Ուխտագնացութեան ծիրին մէջ, այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն հայոց գերեզմանատունը, ուր ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ։