ՄԱՆԻԼԱ, «Ռոյթըրզ»․- Ֆիլիփինի նախկին բռնապետ Ֆերտինանտ Մարքոսի որդին` Ֆերտինանտ Մարքոս կրտսերը, նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց՝ ստանալով քուէներուն 56 առ հարիւրը:
Մարքոս աւագը երկիրը կառավարած էր 21 տարի, իսկ անոր իշխանութիւնը տապալած էր զանգուածային ցոյցերու եւ զինուորական յեղաշրջման պատճառով, երբ 1986ին ինքզինք յաղթկան հռչակած էր նախագահական ընտրութիւններէն ետք։ Անոր իշխանութիւնը կը բնորոշուի համատարած զեղծարարութիւններով եւ ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքներով: Անոր կնոջ` Իմելտայի հարստութիւնը 1980կաններու վերջաւորութեան կը գնահատուէր 10 միլիառ տոլարով: