ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ, որ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս վարուի կացութեան մը մէջ, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ ելք չունի: Ան այս մտահոգութիւնը յայտնեց Դեմոկրատ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին:
«Փութին կը կարծէր, որ կրնար մասնատել ՆԱԹՕն եւ Եւրոպական Միութիւնը: Փոխարէնը, Միացեալ Նահանգները եւ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ կանգնեցան Ուքրանիոյ կողքին», յայտնեց Պայտըն:
Նշենք, որ Պայտընի կինը` Ճիլը, այս շաբաթ նախապէս չյայտարարուած կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Ուքրանիա: