
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ․- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Օ՛Ֆերըլ Երեքշաբթի երեկոյեան Հոլիվուտի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հաւաքը, որ կազմակերպուած էր շրջանի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան կողմէ, առիթ մը հանդիսացաւ ներկայացնելու նշեալ կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն գործունէութիւնը եւ քննարկելու համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։
Սովորաբար տարին անգամ մը կազմակերպուող այս հաւաքները կարելի չէին եղած իրականացնել համաճարակին ընթացքին։
Օ՛Ֆերըլ խօսեցաւ 13րդ ընտրաշրջանին մէջ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու մասին, որոնց կարգին՝ համաճարակին պատճառած վնասները մեղմացնելու եւ անտունիներու տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւնները։
Հաւաքին ներկայ էին Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա․ քհնյ․ Վասիլեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄի վարչութիւնը, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն Մարալ Դաւիթեան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վահէ Թաշճեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Մարի Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեան եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
Հաւաքին ընթացքին, Օ՛Ֆերըլ յայտարարեց, թէ 101 ազատուղիին եւ Հոլիվուտ պողոտային խաչմերուկին զետեղուելիք Փոքրիկ Հայաստանի կամարին կառուցումը արդէն իր վերջնական հանգրուանին մէջ է եւ յոյժ կարեւոր նկատեց 7 Յունիսին տեղի ունենալիք նախնական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի Օ՛Ֆերըլին։
Ան նաեւ պատասխանեց անտունիներու թիւին արձանագրած աճին մասին Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնին եւ Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչին հարցումներուն, իսկ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սուրէն Սերոբեան յայտնեց, թէ նման հանդիպումներ յոյժ կարեւոր են, համայնքին մտահոգութիւնները ուղղակի քաղաքապետական խորհուրդին հասցնելու տեսակէտէն։
Իր կարգին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Զօհրապ Մահտեսեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հոլիվուտի Երիտասարդական կեդրոնին շուրջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն մասին։
Նաեւ, Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա․ քհնյ․ Վասիլեան դրուատեց Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ համայնքին ի նպաստ աշխատանքները, որոնք կ՛իրականացուին ներկայ կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն կողմէ։