
20 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Պանչ» շէնքին մէջ (թիւ 10383 սրահ)տեղի պիտի ունենայ Թենի Արլէնի հայերէնով ստեղծագործած բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հաւաքածոյին՝ «Կիրքով Ըսելու՝ Ինչո՞ւ Հոս Եմ»ի ներկայացումը։
Ձեռնարկին համահովանաւորողներն են՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, վերոնշեալ համալսարանին հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնը, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքը, «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը եւ Հայ ուսանողական միութիւնը։
Հազուագիւտ հայեր ունեցող Քալիֆորնիոյ Սան Լուի Օպիսպօ քաղաքին մէջ հասակ նետած Թենին միայն 2011ին սկսած է հայրէն սորվիլ, «Նարեկացի» ամպոնին մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ ձեռնարկին առցանց հետեւելու համար այցելել կայքէջը։