ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ․- Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ անցեալ տարի տեղի ունեցած ընտրութենէն ետք իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը պիտի կատարէ դէպի Քալիֆորնիա։
Պատրիարքին բարի գալստեան աւանդական արարողութիւնը՝ «Հրաշափառ»ը պիտի կատարուի 27 Մայիսին, Կլենտէյլի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 4 Յունիսին, Իրանահայ միութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի կարօտեալներուն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (323) 261-9898 կամ (714) 926-6513 թիւերուն կամ՝ bedrossian99@gmail.com եւ janimenz@yahoo.com հասցէներէն մէկուն։
Երկշաբաթեայ այցելութեան ընթացքին պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ նաեւ Ֆրեզնօ, Սան Հոզէ, Սան ֆրանսիսքօ եւ Սան Տիէկօ պիտի այցելէ։