Նախապէս տեղեկացուցած էինք, թէ անցեալ տարուան Նոյեմբերին, Թեսաղոնիկէի մէջ հանրակառքերու եւ կանգառներու վրայ ատրպէյճանական յայտնուած էին գովազդներ, որոնք կը ներկայացնէին հայկական Շուշին՝ իբրեւ ատրպէյճանական քաղաքակրթութեան օրրան։ Այդ օրերուն, հայկական եւ յունական համադրուած հակազդեցութեան շնորհիւ, գովազդները վար առնուեցան եւ այդ արշաւը կանգ առաւ։ Ատրպէյճանի դեսպանատան մղումով, գովազդներու ետին կանգնած էր «Qala» անունով յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան միութիւն մը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Թեսաղոնիկէի մէջ։
Նոյն «միութիւնը» անգամ մը եւս փորձեց իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել՝ յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան նուիրուած երեկոյ մը կազմակերպելով, գործակցաբար «նախկին Խորհրդային Միութենէն արտագաղթած յոյն-պոնտացիներու միութեան»։
Յունական մամուլին մէջ երեւցան գրութիւններ, որոնք դատապարտեցին այս գործակցութիւնը․ անոնք յատուկ նշում կը կատարեն Թեսաղոնիկէի Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետին մասին, որ, անտեսելով պոնտացի ժողովուրդին կրած ողբերգութիւնը թրքական բարբարոսութեան հետեւանքով, քաղաքի մշակութային կեդրոնի սրահը կը տրամադրէր թուրքերու ցեղակից Ատրպէյճանին, որ կը շարունակէ թրքական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը Արցախի ու անոր ժողովուրդին նկատմամբ։ Այնտեղ նաեւ, հարց կը դրուի, թէ ինչպէ՛ս պոնտական միութիւն մը, որուն ազգային ողբերգութիւնը տակաւին չէ վերականգնած՝ կը համարձակի ելոյթներ կազմակերպել ատրպէյճանական խմբաւորումի մը հետ։
Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու, նամակ մը ուղարկելով մամուլին՝ կը բացատրէ, որ սրահի ապահովումը եղած է միա՛յն պոնտական միութեան կողմէ, ո՛չ մէկ ատեն նշուած է ատրպէյճանական գործօնի մասնակցութիւնը, ո՛չ ալ քաղաքապետարանը որեւէ իրաւասութիւն ունի ելոյթի յայտագիրին հանդէպ։ Ան նաեւ կը հաստատէ, թէ իր ընտանիքը պոնտական ծագում ունի, եւ իր նախահայրերը ցեղասպանուած են թուրքերուն կողմէ։
Նշենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբի համադրուած եւ ազդու միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղաւ չեղարկել ատրպէյճանական ելոյթը։
Յատկանշական է, որ Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու Կիրակի, 8 Մայիսի առաւօտեան ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ապա «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի ներկայացումին: