
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, 8 Յունիսին, 69րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հրաւիրուած արուեստագէտն է՝ երիտասարդ ջութակահար Տիանա Ադամեան, որ Քիթ Լոքըրթի խմբավարութեամբ պիտի նուագէ Ֆելիքս Մենտելսոնի ջութակի «քոնչերթօ»ն։
22 տարեկան Տիանան արդէն ելոյթներ ունեցած է զանազան նուագախումբերու հետ, որոնց կարգին Լոնտոնի «Ռոյըլ Ֆիլհարմոնիք»ը։
Ան նախապէս ելոյթ ունեցած է Պոսթընի մէջ, 2016ին, «Երազարթ» հիմնարկին կազմակերպած նուագահանդէսին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: