ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 12 Մայիսին հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ:
Կառավարութենէն հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հայ եւ ռուս պաշտօնատարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման հեռանկարներուն եւ Փաշինեանի, Փութինի ու Ալիեւի՝ 11 Յունուարի յայտարարութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքի հետագայ ընթացքին:
Փաշինեան շեշտեց, որ հայկական կողմը շահագրգռուած է այդ աշխատանքներու իրականացումով։ «Գիտէք, թէ մեզ համար որքան կարեւոր է այդ թեման, քանի որ երբ մենք կոնկրետ (յստակ) լուծումների գանք, այն կը փոխի իրավիճակը տարածաշրջանում ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ քաղաքական, հոգեբանական, անվտանգութեան իմաստով», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ Ալեքսէյ Օվերչուքի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու հաստատումը պիտի փոխէ տարածաշրջանի երթեւեկութեան եւ կապի ամբողջ պատկերը. ան դիտել տուաւ, որ այդպիսով կարելիութիւններ կը ստեղծուին Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ ասիկա լրացուցիչ ազդակ կը հանդիսանայ, անոր միջոցով մեծապէս կը բարձրանայ Հայաստանի դերը:
Ան նաեւ ըսաւ, որ 16 Մայիսէն սկսեալ, արդէն իսկ կը վերցուին «Քորոնա» համաճարակին վերաբերող բոլոր սահմանափակումները՝ օդային եւ ցամաքային հաղորդակցութեան միջոցներով երթեւեկելու յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծելով: