ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պլումպըրկ»․- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ ու առաւել քան 50 քոնկրեսականներ դիմած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգին, որ կասեցնէ Թուրքիոյ «Էֆ․16»ներ ծախելու ծրագիրը, Սպիտակ տան աղբիւր մը Հինգշաբթի օր հաստատեց, թէ Քոնկրեսին ուղղուած դիմումի մը մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ «Էֆ․16» ռազմական օդանաւերու վաճառքը կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն:
Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն կը խնդրէ հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ ծախելու հրթիռներ եւ այլ սպառազինութիւն: Ամբողջ ծրարը կը գնահատուի 500 միլիոն տոլարով։
Նշենք, որ Ուաշինկթըն մերժած էր Անգարայի առաջադրած 6 միլիառ տոլարի ծրարը, որուն մէջ կային 40 արդիական «Էֆ․16»ներու եւ թրքական օդուժին մօտ գտնուող 80 «Էֆ․16»ները արդիականացնելու առաջարկը։
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հակառակ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու լարուած յարաբերութիւններուն, Ուքրանիոյ հետ Անգարայի ռազմական կապերը «կարեւոր զսպող գործօն են շրջանին մէջ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ»:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը հասած է այն եզրակացութեան, որ Թուրքիա արդէն «զգալի գին վճարած է» ռուսական «Էս․ 400» հակօդային համակարգերը գնելուն համար, որուն պատճառով անիկա դուրս մնացած էր աւելի արդիական «Էֆ․35» օդանաւերու ծրագիրէն: