ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առնուազն 62 քոնկրեսականներ իրենց ձայնը միացուցած են Քերըլայն Մըլոնի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ներկայացուած այն բանաձեւին (H.R.7555), որ Քոնկրեսի գրադարանի հովանիին տակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն կը պահանջէ:
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող առաջարկը կու գայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան լոյսին տակ եւ կը հանդիսանայ անոնց տրամաբանական յաջորդ քայլը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց մեծ թիւով քոնկրեսականներու ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ կարելի կ՛ըլլայ բանաձեւը արագօրէն վաւերացնել։ Ան Ցեղասպանութեան դասաւանդումը յոյժ կարեւոր նկատեց յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ջանան շարունակել 1915ին սկսած ցեղասպանութեան փորձը:
Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին քոնկրեսական Մըլոնի խօսքը ունկնդրելու եւ բանաձեւին զօրակցող քոնկրեսականներու ամբողջական ցանկը տեսնելու համար այցելել կայքէջը:
Այս առաջարկին զօրակցելու նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել կայքէջը: