ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Փարալիմնիի (Կիպրոս) մէջ Հինգշաբթի, 12 Մայիսին սկիզբ առաւ ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու համագումարը։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) որդեգրած աւանդութեան համաձայն՝ եօթը տարին անգամ մը գումարուող խորհուրդին համաժողովէն առաջ կը կազմակերպուի ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակներու մասնակցութեամբ յատուկ համագումար մը՝ համաժողովին քննարկելիք նիւթերուն շուրջ ուղղափառ եկեղեցիներուն տեսակէտը պարզելու համար։
Սեպտեմբեր 2022ին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք ԵՀԽի համաժողովի օրակարգի հարցերու քննարկման նուիրուած է Փարալիմնիի ուղղափառներու յիշեալ համագումարը, որուն կը մասնակցին թէ՛ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եւ թէ ուղղափառ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնք միաժամանակ մաս կը կազմեն իրենց եկեղեցիներու համաժողովի պատուիրակութիւններուն։
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յիշեալ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։

