ԱԹԷՆՔ․- Կիրակի, 8 Մայիսի կէսօրուան ժամը 12ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենոփուլիա» գիրքի շնհահահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Թեսաղոնիկէի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Գիրքը կը ներկայացնէ Եֆսթաթիոս-Խրիսթոֆորիտիս Սարփողլիսի վկայութիւնը, որ պատկերաւոր եւ մանրամասնօրէն կը յիշատակէ 600 հայ մանուկներու եղեռական սպանութիւնը թուրքերու կողմէ՝ Պոնտոսի Մացուքայի Քունաքա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Տրապիզոնին մէջ։
Հեղինակը այս վկայութիւնը գրած է 1983ին եւ կը կազմէ իր յուշերու մէկ հատուածը։ Այսպէս, 2019ին երկրորդական ուսման դաստիարակ Սթաթիս Թաքսիտիս նախաձեռնեց սոյն վկայութեան հրատարակման՝ զայն թարգմանելով 6 լեզուներու (հայերէն, անգլերեն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն)։
Նշենք, որ բուն վկայութիւնը գրուած է պոնտական բառբարով։
Ձեռնարկին սկիզբը, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Պետրոս Հալաճեան, որ մատնանշեց մէկ օր առաջ տեղի ունեցած դէպքը Ամպելոքիփի քաղաքապետութեան մէջ, ուր այսպէս կոչուած «յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան միութիւն»ը փորձեց կատարել ելոյթ մը պոնտական ոչ-գործօն կազմակերպութեան մը հետ քաղաքապետարանի բարձր հովանաւորութեան տակ։
Նշեալ շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու ներկայ ըլլալով հայկական ելոյթին՝ խնդրեց խօսք առնել՝ նշելու համար, որ քաղաքապետութիւնը տրամադրեց սրահը եւ ընդառաջեց ելոյթի կազմակերպման, որովհետեւ դիմումը կատարուեցաւ պոնտական միութեան կողմէ եւ որեւէ նշում չէր եղած ատրպէճանական միութեան մասնակցութեան մասին։ Քաղաքապետը նշեց, որ ինք եւս Պոնտական ցեղասպանութեան վերապրողներու ընտանիքի զաւակ է եւ իր նախնիները ամէնէն դաժան կերպով ոչնչացման ենթարկուեցան թուրքերուն կողմէ։
Գիրքի ներկայացման ընթացքին խօսքը տրուեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Քոնստանտինոս Զերվասին, որ համեստ եւ յուզիչ խօսքերով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ կարդալով նաեւ ցնցիչ կարգ մը տողեր գիրքին մէջ նշուած պատումներէն։ Յուզիչ էր հեղինակի զաւակին՝ Խրիսթոֆորոս Խրիսթոֆորիտիսի, ներկայութիւնը, որուն խօսք տրուեցաւ․ ան անդրադառձաւ իր հօր յուշերուն մասին՝ ստեղծելով խորհրդաւոր եւ յուզումնալից մտնոլորտ մը, մանաւանդ երբ ան ցոյց տուաւ իր հօր բուն սեւագրութիւնը։ Յաջորդաբար, խօսեցաւ Լեոնիտաս Լամպրոփուլոս, որ Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ քաղաքի Պոնտական երիտասարդական միութեան անդամ է։
Հանդիսութեան աւարտին, գիրքի հրատարակման պատասխանատու եւ նախաբանի հեղինակ Սթաթիս Թաքսիտիս յայտնեց, որ իր աշակերտներու ներշնչումը խթան հանդիսացաւ ներկայ հրատարակութեան համար, որ կը յենի անձնական միջոցներու վրայ։ Թաքսիտիս նշեց Հայոց եւ Պոնտացի յոյներու զոյգ ցեղասպանութիւններու ճանաչման կարեւորութիւնը, որ պէտք է ունենայ մէկ եւ վերջնական նպատակ՝ ստիպել Թուրքիան ընդունելու իր եղեռնագործութիւնը ու երկու ժողովուրդներուն հանդէպ հատուցումները։
Օրուան հանդիսավար Յովիկ Գասապեան փակեց ելոյթը՝ առաջարկելով, որ յարմար պիտի ըլլար նոյն ներկայացումը կատարել Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ Խրիսթոֆորիտիսի համաձայնութեամբ ձեռագիր բնագիրը յանձնել թանգարանին։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»