
ԷՆՍԻՆԻՕ․- Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 22 Ապրիլին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Ներկայ էին դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական կառավարման մարմիններու պաշտօնատարներ, որոնց կարգին էին՝ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճես Կապրիէլ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Քորեց եւ Նիթիա Ռաման, որոնք խոստացան համայնքին նեցուկ կանգնիլ՝ Ցեղասպանութեան իրազեկման եւ վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքներուն մէջ։
Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին շրջանի ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները, որմէ ետք կատարուեցան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր համագործակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, իսկ անոր մասնակցեցան Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանը, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը եւ ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտը։
Հանդիսավարներն էին՝ Քաթիա Գարակէօզեան եւ Թալա Մինասեան, իսկ ՀԵԴի խօսքը փոխանցեց Էնթընի Արոյեան, որ շեշտեց, թէ հայ երիտասարդութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունի Հայ Դատի պաշտպանութեան աշխատանքներուն մէջ։
Իր կարգին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քամարեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին, որ ամէն առիթով ի մի կու գայ, հայութեան իղձերը իրականացնելու աշխատանքներուն գործնականապէս մասնակցելով։
Գլխաւոր բանախօսը՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հայութիւնը, Հայաստան եւ Արցախ բազմատեսակ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին, կոչ ընելով համայնքին, որ միացեալ ջանքերով դէմ դնեն այդ մարտահրաւէրներուն, մինչեւ յաղթանակի ապահովումը։
Ան շեշտեց, թէ հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր, հայութիւնը իր գոյութեան վտանգ սպառնացող նման կացութեան մը առջեւ չէր գտնուած։