ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ*

Ազգային մեծագոյն տօնին, Ապրիլեան մեր սուրբ նահատակներուն շունչով թարմանալու եւ դարմանուելու օրը կ՛ապրինք ամէն տարի՝ Ապրիլ 24ին:
Նորօրեայ մեր հերոս նահատակներուն, եւ տակաւին իրենց կենդանի շունչով մեզի պայքարի ոգի փոխանցող, անդամալուծուած վիրաւորներուն ներկայութիւնը, անցեալը եւ ներկան, հինն ու նորը իրարու կամրջող եւ շղթայող ոյժեր են, հայ ժողովուրդի ազատութիւնը երգող ու կերտող: Որքան ալ սահին ժամանակները, չորնան եւ փտին նահատակներուն աճիւնները, անոնց թողած կտակը չի՛ մոռցուիր, սերունդներու ամբողջ երկանքին:
Ապրիլ 24ի առաւօտը միշտ անամպ երկինք կը բանայ, ո՛չ սովորական իմաստով՝ բնութենական երկինքը, այլ հայու հոգիին մէջ բացուող յոյսի լոյսը՝ վառ ապագայի տեսիլքով օծուն արշալոյսը:
Ժողովուրդներու պատմագիրքին մէջ կրկնուող տխուր երեւոյթները ցաւալի նիւթեր կը վերարծարծեն, նոր ողբերգութիւններ նկարագրող պատմութեան էջատակին երկրորդ կնիք դրոշմելով:
Ողբերգութիւններով լեցուն եւ պատերազմական սպառնալիքներով սարսափազդու ներկայ ժամանակներուն, բոլոր ազգերուն նահատակներն ալ անդրաշխարհեան իրենց կացարաններէն պատգամներ կը յղեն՝ ուշքի հրաւիրելով այն բոլոր ղեկավարները, որոնց համար մարդկային կեանքը անարժէք իրականութիւն մըն է: Անոնք չեն հասկնար, որ Աստուծոյ պէս ստեղծագործ եւ կեանքի տուիչ ըլլալը շատ աւելի ծանրակշիռ հանգամանք է, քան զայն խլելը, անիմաստ եւ անվերադարձ կորուստի մատնելով մարդկային կեանքը:
Իսկ ի՞նչ է վերապրած անդամալոյծներուն, մեզի փոխանցած պատգամը…
Ներկայ յառաջադէմ աշխարհը չափազանց խօսուն է այն պատկերներով, որոնք քաղաքակիրթ կեանքը կը զարդարեն: Այսօր, զարգացած երկիրներու քաղաքակրթութիւնը լուսաւոր ապագայ կը կերտէ անոնց համար, որոնց մարմնական թերութիւնը արգելքներ կը սահմանէ տուեալ ենթակայի առօրեայ կեանքին: Ի ծնէ, պատերազմական կացութեան, կամ յանկարծական արկածի մը պատճառով անդամալուծուած անձերը, չանդամալուծուածներէ աւելի բնականոն կեանք ապրելու բարիքներով կ՛օժտուին՝ միշտ առաջնակարգ դիրքերու վրայ տեղ գրաւելով: Այո՛, միտքն է կարեւորը, եւ ո՛չ թէ մարմինը, որուն թերութիւնն իսկ չի՛ կրնար անդամալոյծ էակը հաւաքական կեանքէն հեռացնել:
Աշխարհի քաղաքականութիւնը, իր դառնապիղծ խաղերով այնպիսի կեղտոտութիւններ կ՛իրականացնէ, որ մեծատէր պետութիւններու ձեռքին մէջ անվերջ ոլորուող բանալիներու տրցակին առօրեայ զբաղման վրայ կը կեդրոնացնէ լրատուամիջոցներու տեղեկատուական ոսպնեակը:
Ո՞վ կը յիշէ 1915ին ազգովին անտէր եւ անտիրական դարձած մեր ժողովուրդին կրած ահն ու սարսափը, դարաւոր իր հայրենիքէն եւ ծխանի երդիքին տակէն դուրս շպրտուելու ցաւագին իրողութիւնը…: Ժամանակը, պատմութեան մնայուն դատաւորը ըլլալով հանդերձ՝ ինքն ալ փոշոտ վերմակին տակ ծուարած մնալու սովորութիւնը կը կիրարկէ, երբ աշխարհին աղմուկը նոյն դառնութիւնը կրող ազգերու նորօրեայ դէպքերուն կը վերաբերի:
Ապրիլի 24ի արիւնախում մէջ պատմութեան անվաւեր եւ անպատիժ մնալուն, եւ քաղաքակիրթ աշխարհի քաղաքականացած անկրթութեան պատճառով կրկնուող դժբախտութիւնները, զարգացած երկիրներու ղեկավար համարուող, անցեալի եւ ներկայի հպարտ անձերու մազազուրկ, եւ լա՜յն ճակատներուն վրայ աղուէսադրոշմ պիտի ըլլան:
Անդամալոյծ Ապրիլի 24ը, ներկայիս հպարտութեամբ իր անուակառքը կը քշէ, երկոտանի առողջ քաղաքացիներուն եւ համալսարանական բարձրագոյն վկայականներով մեծամտացած ազգերու հերթին առջեւէն…: Ներկայ քաղաքակրթութիւնը, շռայլօրէն փաստելու համար իր զարգացած ըլլալը, անդամալոյծներու առաջին շարքերուն վրայ ըլլալու օրինականութեան համաձայն է, սակայն, Ապրիլ 24ի անդամալոյծը խնամող կա՞յ արդեօք:
Ահա՛ անդամալոյծ Ապրիլի 24ը դարձեալ հրապարակ ելեր է, եւ բարձրաձայնելով իր կանչը՝ կոչ կ՛ուղղէ իրենք զիրենք քաղքենի եւ զարգացած համարող արեւմտեան բոլոր պետութիւններուն: Այսօր, անոնցմէ ո՞վ կը յիշէ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ աւազակուլ եղած հայերը, որոնց արիւնը տակաւին չէ նօսրացած, արդարութիւն պահանջելով:
Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած եւ գաղթականութենէն վերապրած մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն լացն ու ողբը տակաւին մեր ականջներուն մէջ կը լսուին, մինչ անբան եւ անխօս աշխարհը մէկուկէս միլիոնին անպատիւ ջարդարարին հետ միջազգային թատերաբեմերուն վրայ, պատուոյ քաղաքականութեան սէր կը բեմադրէ…:
Անպատուութիւնը եւ դրամը աստուածացնողները աշխարհի մէջ ոճիրներ ու պատե-րազմներ հրահրողներն են: Անոնք պատմութեան կը ներկայանան՝ իբրեւ բարոյական հսկիչ-ները մարդկային կեանքին՝ իրենց կեղծիքը եւ սեփական անկուշտ շահը պոռնկական ժպիտին ետին պահած:
Ընկերային կեանքին պատկերը չի՛ տարբերիր քաղաքական ցուցադրասրահի վաճառականական մթնոլորտէն: Այստեղ, յիմարները բարձր պաշտօններ կը զբաղեցնեն, ստրկական պատռուած ցնցոտիներու փաթթուած, սակայն՝ մեծամտութեամբ յղփացած: Ասոնք են իսկական անդամալոյծները, սակայն՝ երկու ոտքերու փոխարէն՝ չորս հատով «ճոխացած»…: Աւելին, ասոնք հատ մըն ալ անասնական պոչով հարստացածներ են, պէտք եղած ատեն զայն շարժելու, եւ դիտողներուն հաճոյք պատճառելու համար:
Տիրապետող, բայց նոյն ատեն անգիտակից եւ ստրկացած մարդիկ դատաւորի շրջազգեստով բեմահարթակ բարձրանալու ունակ կ՛ըլլան միշտ, մինչ անոնց գլուխէն անպակաս կ՛ըլլայ տխմարներու յատուկ փափախը. անորմով կը ճանչնանք այդպիսի անձերը, նոյնիսկ բազ-մահազար թիւով մարդոց շարքերուն մէջ: Երբ անդամալոյծները անոնց հետ եղած ատեն աւելի յարգուին, մեծ ոխով կը պատուի տմարդիներուն մգացած սիրտը: Ուրեմն, անդամալուծութիւնը հաւաքական կեանքէն բացի անհատական յարաբերութիւններու պարագային եւս աւելի բարձր դիրք ունի…: Նախապէս անկարող համարուող անդամալոյծը, որուն աննշան պաշտօնը եւ անշուք դիրքը անցեալին հաճոյք կը պատճառէր շրջապատի մարդոց, այժմ անիկա սկսեր է բոլորը ապշեցնող եւ նախանձ գրգռող հանգամանքի փոխա-կերպուիլ՝ անդամալոյծին հեղինակութեան վճռական քայլ պարգեւելով:
Արդարութեան հովանաւորը Աստուած Ինքն է: Անոր շուքին տակ պաշտպանուած անդամալոյծը, ազգ կամ անհատ, անպայման Անոր գութին եւ ողորմութեան պիտի արժանանայ:
*Առաջնորդ
Ատրպատականի Հայոց թեմի