ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին Ուինզըր պալատին մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի Ձիերու մարզաձեւի դաշնակցութեան նախագահը, որ յանուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ թագուհիին նուիրեց արցախեան նժոյգ մը:
Արցախի բռնագրաւուած տարածքներէն բերուած ձին պիտի մասնակցի թագաւորական ցուցադրութեան:
Ատրպէյճան արցախեան ձիերը կը նկատէ իր «մշակոյթի կարեւոր մաս» եւ տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին կը ներկայանայ այդ կեղծիքով: