ԹԵՀՐԱՆ, «Ազատութիւն»․- Թեհրան հիւլէական գործարքին վերաբերող շարք մը յատուկ առաջարկներ եւ նախաձեռնութիւններ կատարած է, յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ:
Ըստ անոր՝ առաջարկները ներկայացուած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցով Եւրոպական Միութեան աւագ բանագնաց Էնրիքէ Մորայի միջոցով:
«Այժմ մենք կը սպասենք սպանացի դիւանագէտին միջոցով Ուաշինկթընին ներկայացուած առաջարկներու պատասխանին: Մենք պիտի վերադառնանք Վիեննա, եթէ Միացեալ Նահանգները արձագանգէ իրանեան նախաձեռնութիւններուն», յայտարարեց Խաթիպզատէ` չյստակացնելով այդ առաջարկներուն էութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն վերջապէս պէտք է կողմնորոշուի` արդեօք պիտի կատարէ՞ հիւլէական համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, թէ պիտի շարունակէ իր նախորդին` Տանըլտ Թրամփի, քաղաքականութիւնը», աւելցուց բանբերը: