

«Հայկական վերաբնակեցման միութեան» ջանքերով, վերջերս սահմանային Մեծ Մարսիկ գիւղը կրցան հաստատուիլ Արցախէն տեղահան եղած Աւետիսեան եւ Մանուկեան ընտանիքները, երբ ամբողջացաւ անոնց բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքը։
Անոնք կը հանդիսանան այս նախաձեռնութեամբ Մեծ Մասիկ Արցախէն հաստատուած 4րդ եւ 5րդ ընտանիքները։
«Հայկական վերաբնակեցման միութեան» մաս կը կազմեն Քալիֆորնիա հաստատուած «Փարոս» բարեսիրական հիմնարկը, Focus on Children Now – FCN բարեգործական կազմակերպութիւնը, «Սահման» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Դասաւանդէ՛ Հայաստանի համար» կրթական հիմնարկը։ Անոր նպատակն է 44օրեայ պատերազմէն ետք տեղահան եղած արցախցիներուն բնակարաններ ապահովել։