
Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող «Քլապ Պրիւժ»ը, որ հիւրը եղաւ «Անվերս»ին՝ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երրորդ կօլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, խումբը հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Միւս կողմէ, Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն շուտ ապահոված «Սլովա»ն, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ «Սերետ»ին՝ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկու կօլերը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 34րդ եւ 65րդ վայրկեաններուն: