ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն դրամատնային հաշիւներուն եւ այլ ինչքերու վերադարձին առնչուող օրէնքին ստորագրութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ, որ տեղի ունեցաւ այս շաբաթ:
Օրէնքը, որու հեղինակներն են Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամներ Ճէքի Քաչէլեան Սփիր եւ Չաք Փուչիկեան, առիթ կ’ընծայէ զոհերու ժառանգներուն, որ Քալիֆորնիոյ ատեաններուն միջոցաւ իրենց իրաւունքներուն տիրանան:
«Այս օրէնքը առաջադրեցի մեր նահանգին մէջ ապրող 900,000 ամերիկահայերու համար», ըսաւ Սփիր, աւելցնելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով նաեւ հազարաւոր հայեր որբացան եւ վերապրողները կորսնցուցին իրենց ստացուածքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Տէտէեան յոյս յայտնեց, որ նոր օրէնքին շնորհիւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող օտար դրամատուները գործակցութիւն կը ցուցաբերեն, Ցեղասպանութեան հետեւանքով իրաւազրկուած հայերուն իրաւունքները վերադարձնելու աշխատանքին մէջ: