ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, ամերիկահայութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարեց բացումը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի նոր կեդրոնատեղիին, ներկայութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի, ինչպէս նաեւ գաղութային քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներու:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի սրտին վրայ գտնուող արդիական շէնքը այժմ կը հանդիսանայ այն կեդրոնը, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել ամերիկահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը Ամերիկայի մէջ:
Նախ քան բացման արարողութիւնը, «Պիքըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան յարգանքով նշեց ներկայ պաշտօնական հիւրերու անունները եւ ողջունեց կեդրոնատեղիի բացումը իբրեւ նոր հանգրուան մը Հայ Դատի աշխատանքներու ընդարձակման ճամբուն վրայ:
Խօսք առնելով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան շեշտեց շրջանային հարցերու, Հայաստանի ժողովրդավարական եւ տնտեսական զարգացումի, ինչպէս նաեւ Ամերիկա-Հայաստան կապերու հզօրացման մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ողջունելով Յանձնախումբի նոր կեդրոնի բացումը, Վարդան Օսկանեան յայտարարեց. «Այս կազմակերպութիւնը շատ մօտիկ է սրտիս եւ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք ես կը նկատեմ տեսլականի տէր անձնաւորութիւններ, որոնք նուիրատուութիւններ կատարեցին այս շէնքին համար, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը (դատելով իր աշխատանքէն եւ արդիւնքէն) անհամեմատօրէն ընդարձակուած է եւ իր նախկին վայրը այլեւս նեղ կու գար: Անոնք արժանի են այս շէնքին, որպէսզի աւելի շատ աշխատանք կարենան կատարել»:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց աւելի քան 10,000 ամերիկահայ նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ այս շէնքին գնումը եւ նշեց. «Մենք սոսկ այն կազմակերպութիւնը չենք, որ կը յենի բուռ մը անձերու հարստութեան, այլ՝ կազմակերպութիւն մը, որ կը յենի ժողովրդային լայն խարիսխի մը ու կ’ապաւինի անոր… Առանց ժողովրդային լայն խաւերու բարոյական ու նիւթական մասնակցութեան, մենք չենք կրնար յաջողիլ»:
Խաչիկեան ընդգծեց առատաձեռնութիւնը տէր եւ տիկ. Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեանի, տէր եւ տիկ. Խաչիկ եւ Էլօ Մուրատեանի, տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանի, Արամեան ընտանիքին եւ «Լինսի» հիմնարկութեան, որոնք այս շէնքին գնումը կարելի դարձուցին՝ իրենց 100,000 տոլար եւ աւելի նուիրատուութիւններով:
Օրուան ամէնէն յուզիչ ելոյթներէն մէկը ունեցաւ օր. Ճոսլին Միքոլուչի, զաւակը Մարկրէթ Արամեան-Ռականի եւ զարմուհին Մարթա եւ Սու Արամեաններուն, ընդգծելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի դերը իբրեւ ամերիկահայ սերունդներու շաղկապ: Ապա խօսքը ուղղելով Յանձնախումբին, ըսաւ. «Գոհունակութիւնս կ’ուզեմ յայտնել այս կազմակերպութեան, որու աշխատանքը չափազանց կարեւոր է ոչ միայն իմ սերունդիս, այլեւ իմ զաւակներուս ու թոռներուս, որպէսզի գիտնան, թէ որո՞նք են իրենց մեծ հայրիկը եւ մեծ մայրիկը եւ թէ ո՞վ ենք մենք իբրեւ ժողովուրդ»:
Ընդունելութենէն ետք, շէնքի օրհնութիւնը կատարեցին առաջնորդներ Օշական արք. Չօլոյեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջնորդական տեղապահ Վիգէն եպս. Այքազեան եւ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս քհնյ. Աքթաւուքեան:
Նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի կողմէ մուտքի ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան շրջելու շէնքին բոլոր յարկերն ու գրասենեակները:
Բացման հանդիսութեան, նախարար Վարդան Օսկանեանի կողքին ներկայ էին փոխնախարար Արման Կիրակոսեան, ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ վեր. Ռընէ Լեւոնեան եւ Տիգրան Եումուշագեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ ՀՕՄէն, «Համազգային»էն, Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ Հ.Ե.Դ.էն:
Յիշեցնենք, որ Յանձնախումբի այս նոր շէնքը գնուեցաւ անցնող Փետրուարին, հիմնականին մէջ ընդարձակելու համար Հայ Դատի աշխատանքներու եւ ամերիկահայութեան քաղաքական ազդեցութեան ծիրը: Շէնքը քառայարկ է ու կը գտնուի Embassy Row-ի վրայ, Սպիտակ տունէն միայն քանի մը թաղ անդին: Օժտուած է հաղորդակցութեան ամէնէն արդիական միջոցներով: