
ՊԱՔՈՒ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ երկրի անկախութեան օրուան առիթով: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ալիեւի պաշտօնական կայքը:
Պայտըն նաեւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու աշխուժացման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ նպաստելու Ատրպէյճանի տնտեսական, փոխադրամիջոցներու եւ մարդկային կապերու կարգաւորման, «որ ամբողջ Կովկասին ու Անդրկասպեան տարածաշրջանին պիտի արտօնէ բարգաւաճիլ»:
Իր կարգին, «Արմէնփրէս»ը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցելու, ներառեալ նաեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրի կարգավիճակին մէջ, ողջունելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը:
«Կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ՝ խթանելու Հարաւային Կովկասի շրջանին համար խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան: Մենք հաստատակամօրէն կը յորդորենք, որ այս երկխօսութիւնը շարունակուի, եւ կողմերը աշխուժացնեն իրենց դիւանագիտական մասնակցութիւնը՝ օգտուելու գոյութիւն ունեցող ուղղակի փոխադարձ գործակցութեան գործիքակազմերէն, ձգտելու գտնել համապարփակ լուծումներ Արցախի տագնապին վերաբերող կամ անոր պատճառով յառաջացած բոլոր կարեւոր հարցերուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ կարգաւորելու իրենց յարաբերութիւնները համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու միջոցով: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այս հոլովոյթին», եզրակացուց Փրայս: