
Միացեալ Նահանգները բոլորովին կ՛աջակցի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕին միանալու պատմական որոշումին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
Պայտըն ըսաւ, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի դիմումները Եւրոպայի ապահովութեան համար շրջադարձային են, եւ ցամաքամասի հիւսիսը գտնուող երկիրներու ՆԱԹՕին միանալը պիտի ամրապնդէ դաշինքին դիրքերը:
«Նոր անդամներու ՆԱԹՕ մուտքը ոչ մէկ երկրի համար վտանգ կը ներկայացնէ: ՆԱԹՕի նպատակը յարձակումէ պաշտպանուիլն է», ընդգծեց նախագահը:
Նշեալ երկու երկիրները անցեալ շաբաթ պաշտօնական դիմումներ ներկայացուցին դաշինքին, որմէ ետք նոր անդամներ ընդունելու որոշումը պէտք է վաւերացուի ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Առայժմ անոր դէմ արտայայտուած են միայն Թուրքիան եւ Խրուաթիան, որոնց ղեկավարները որոշ պայմաններ ճշդած են: Սակայն, արեւմտեան ղեկավարները կը կարծեն, որ Հելսինքիի եւ Սթոքհոլմի դիմումները շուտով պիտի հաստատուին:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն դիմեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին՝ խնդրելով մինչեւ Յունիսին տեղի ունենալիք ՆԱԹՕի վեհաժողովի մեկնարկը կարգաւորել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ իր տարակարծութիւնները:
Բրիտանիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ Ռուսիա Եւրոպական Միութեան երկիրներուն համար վտանգ մըն է, որուն համար անհրաժեշտ է ամբողջացնել դաշինքը այնպիսի արժէքաւոր երկիրներով, ինչպէս՝ Ֆինլանտան եւ Շուէտը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Շուէտի վարչապետ Մատալենա Անտերսոնի հետ՝ քննարկելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕին անդամակցելու դիմումը:
Էրտողան, որ հանդէս կու գայ ընդդէմ Շուէտի անդամակցութեան, Անտերսոնին մասնաւորաբար ըսած է, որ այդ երկիրը պէտք է «վերջ տայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ուղղուած աջակցութեան»: Ան նշեց, որ Թուրքիա կ՛ակնկալէ, որ Շուէտ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ անոր ճիւղաւորումներուն վերաբերեալ թրքական կողմի մտահոգութիւնները փարատող քայլերու ձեռնարկէ:
«Կը զօրակցինք Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու գաղափարին», իր կարգին յայտարարեց Շուէտի վարչապետը: