ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Հայրենի՛ք, ի՛մ էութիւն ու կամք:
Հայրենի՛ք, ի՛մ հպարտութիւն ու գոյութիւն:
Հայրենի՛ք, ի՛մ անցեալ, ներկայ եւ.. դե՛ռ ապագայ:
Այսօ՛ր, իմ հայրենի՛ք, դուն ի՛մ խորին խորհուրդ, ի՛մ ցաւ ու տառապանք: Սակայն, չեմ հարցներ եւ կամ զարմանար, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, որովհետեւ քա՛ջ գիտեմ, թէ անցեալէն մեզի փոխանցուած պատմութեան, երբեմն ամօթալի եւ երբեմն հպարտալի դէպքերն ու հարցերը՝ ԴԱՍ չե՛ն չեն եղած մեզի համար: Ինչո՞ւ, որովհետեւ չե՛նք ամրապնդուած եւ յառաջացած զուգահեռ՝ հայրենիք եւ ազգ, անքակտելի ըմբռնումներով:
Շա՜տ պարզ է ըսել եւ յայտարարել, թէ մե՛նք հայ ենք, սակայն չգիտակցիլ, թէ խորքը աւելի՛ն կ՛ենթադրէ, որովհետեւ ազգի մը պատկանիլն ու յատկապէս ՀԱՅ ըլլալը՝ հաւատք, պատասխանատուութիւն եւ նուիրում կը պահանջէ իւրաքանչիւր գիտա՛կ եւ հասո՛ւն ՀԱՅ անհատէն:
Մե՛ր, հայերո՛ւս, դիւրազգաց եւ զգացական ազգ մը եղած ըլլալը՝ անվիճելի իրողութիւն մըն է, վկա՛յ մեր երակներուն մէջ հոսած տաքարիւն հայկականութիւնը…
Քա՜ւ լիցի՛, երբե՛ք քարոզ կարդալու միտումը չունիմ, այլ կը փորձեմ բարձրաձայն մտածել եւ մտածումներս ու հաւատալիքներս կիսել ձեզ նման հարազատ արեամբ տոգորուած՝ հայերուս հետ…:
Դարե՜ր շարունակ հալածուած եւ տառապած իմ ազգս եւ հայրենիքս, այսօր, ինչո՞ւ իրաւունքը պիտի չունենայ ապահով եւ խաղաղ ապրելու՝ իր խիզախ եւ նուիրեալ զաւակներու արեամբ պաշտպանուած եւ պահպանուած հայրենիքին մէջ:
Ինչպէս երէ՛կ, այսօ՛ր եւս հայրենիքիս ու ազգիս մէջ հալածանքն ու կորուստը տակաւ կը շարունակուի, ոչ միայն արտաքին, այլ նաեւ բաղադրիչներով:
Ցաւն ու յուսահատութիւնը, երբեք եւ երբե՛ք բարւոք լուծումներ չե՛ն եղած ու չե՛ն ըլլար:
Ազնիւ հպարտութիւնն ու երջանկութիւնը նաեւ կարելի չէ երկար պահպանել, եթէ անոնց հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը կը նուազի:
Հայ մարդուն համար, ազգութիւնն ու հայրենիքը անսահման արժէքներ եղած են, որ կարծէք տրուած էին՝ վերուստ։ Ուրեմն, անոնց խաթարումը հոգեկան մեծ աւերներ կրնայ գործել, հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին ապրող եւ ծաղկող որեւէ հայ մարդուն եւ կամ համայնքին վրայ:
Մե՛նք իրաւունք չունինք կասկածելու մեր շուրջ գտնուող բարի կամեցողութեան վրայ:
Առաւե՛լ եւս, մենք իրաւունք չունինք կորուստի մատնելու մեր ապագայ սերունդներուն ազգային եւ հայրենական արդար իրաւունքի պահանջն ու վայելքը:
Հայրենական եւ ազգային արժէքները, սոսկ քաղաքական այրերու եւ կամ հիմնարկներու կողմէ իւրացուող եւ կամ օգտագործուող արժէքներ չեն, այլ ապրող եւ արարող ժողովուրդի մը սեփական արժէքներն են, որովհետեւ աշխարհի ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան մէջ, ազգերը իրենց արժանապատուութիւնը կ՛արժեւորեն՝ իրենց իսկ պահպանած դարաւոր եւ աւանդական արժէքներով :
Այսօ՛ր, լոզունգներու ժամանակը չէ՛, այլ լրջանալու:
Որքա՜ն լուրջ գուրգուրանքով պահպանենք անցեալն ու ներկան, այդքան աւելի փայլուն ու ճաճանչող ապագայ կրնանք ենթադրել, մեզ եւ մեր յաջորդող սերունդներու կեանքի ընթացքին:
Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի յաղթական ճակատամարտերու ղօղանջները տակաւին կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ, որպէս ազգային արժանավայել յաղթանակ եւ հպարտանք, անցեալէն փոխանցուած եւ տակաւ ապրող ու փոխանցելի։ Երբե՛ք պիտի չուզէինք ըսել ու հաւատալ, որ անոնք եկան, գործեցին ու անցան եւ անկրկնելի դարձան..
Ինչպէ՞ս հաւատալ նման կործանարար մտքին, երբ տակաւին մեծ հաւատքով ու պարծանքով կ՛արտասանենք Պ. Սեւակի տողերը.
«Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում,
Բայց մեզ էլ գիտենք,
Մեզ Հայ են ասում
Եւ ինչո՛ւ պիտի չ՛հպարտանանք
Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ, մեր անցեալի ու ներկայի եւ դեռ գալիք մեր հերոսներուն:
«Մայիս 28, դուն դրօշ պանծալի, անունն անթառամ Մանուկեան Արամի»:
Վերջապէս, մեր գոյամարտին յաղթեց հայ ժողովուրդի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ կամքը, ինչպէս մեծ դաստիարակ եւ ազգային գործիչ՝ Լ. Շանթ առիթով մը ըսած էր. «Կամքը ուժ է, մեծ ուժ, շատ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծուի։ Ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իսկապէս կը պաշտպանէ մեզի մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր զարգացման ու մեր յարատեւման առջեւ ճամփայ կը բանայ»։
Մայիս 28ը մեր պատմութեան պանծալի էջերէն գլխաւորն է։
Յաւէ՛տ յարգանք ու մեծարանք, ազգին ու հայրենիքին շահերը փայփայող ու պահպանող գործիչներուն եւ… մասամբ նորին: