ԱԹԷՆՔ․- Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչական հաւաքներուն, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութիւնը Պոնտոսի յոյն բնակչութեան կրած սպանդին համար, որ տեղի ունեցաւ 20րդ դարու առաջին տարիներուն, զուգահերաբար հայ ժողովուրդի եւ Արեւելքի այլ ազգային հաւաքականութիւններուն դէմ եղեռնագործութեան, նոյն ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։
Նշենք, որ Հայաստան եւ Յունաստան պաշտօնապէս ճանչցած են երկու ազգերու ցեղասպանութիւնները եւ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանեն ամէնամեայ ոգեկոչումներով։
Աթէնքի մէջ, ոգեկոչական կեդրոնական ելոյթը տեղի ունեցաւ 19 Մայիսի երեկոյեան, Սինտաղմայի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ, ուր ներկայ գտնուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումի պատուիրակութիւն մը եւ իր յարգանքի արտայայտութիւնը կատարեց ի յիշատակ աւելի քան 350,000 պոնտացի յոյներուն։
Այլ պաշտօնական ներկայացուցիչներու կարգին, յանձնախումբին անունով դափնեպսակ զետեղեց Յարութիւն Սպարթալեան, իսկ յանձնախումբի անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին պոնտական համահելլենական միութեան պատասխանատուներուն։
Յաջորդեց ժողովրդային երթ եւ բողոքի ցոյց՝ դէպի թրքական դեսպանատուն։
Նշենք, որ ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցչութիւն մը։