ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29ին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցին քննարկման ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի օրակարգին վրայ պահեցին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, փորձելով նոյնիսկ զայն անդամակցութեան նախապայման դարձնել:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ճանաչման հարցը նախապայման մը չեղաւ, քուէներու չնչին տարբերութեանբ, սակայն Թուրքիոյ մասին տեղեկագիրը պատրաստած հոլանտացի խորհրդարանական Քամիյէլ Ըրլինկզ շեշտեց, թէ «Թուրքիա պիտի չկարենայ լիիրաւ անդամ դառնալ, եթէ իր անցեալը չճանչնայ»:
Չոպոյեան նաեւ շեշտեց, թէ Եւրոպական խորհրդարանը պէտք չէ լրջութեամբ մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով մասնագէտներէ բաղկացած միացալ յանձնախումբ մը կազմելու Թուրքիոյ առաջարկին, որովհետեւ նոյնինքն Եւրոխորհդարանը եւ անկէ առաջ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբը (1985ին) առանց որեւէ կասկածի հաստատած են Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի շրջափակման վերջ դնելու եւ Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու պայմանները հարուած մըն են Թուրքիոյ եւ յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը Կիպրոսի ճանաչման պահանջին համահաւասար ուժգնութեամբ կը հետապնդէ այս կէտերուն իրականացումը:
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի վաւերացուցած բանաձեւը:
Ուրբաթ օր Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան շեշտեց, թէ Եւրոխորհրդարանի որոշումը «քաղաքական լուրջ փաստաթուղթ է»:
«Իրականում Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցելու համար պարտաւոր է ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ բացել հայ-թուրքական սահմանը: Հայաստանի համար տուեալ որոշման հետեւանքները դրական են», ընդգծեց ան: