
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ինչպէս օրին հաղորդեցինք, Կիրակի, Մայիս 22ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ձեռամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի: Աւանդութեան համաձայն ձեռնադրեալ քահանան կ՛ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը:
Ձեռնադրութենէն ետք, Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ի պատիւ նորաօծ երեք աբեղաներուն տեղի ունեցաւ աւանդական պտղասեղան-ընթրիքը, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, Դպրեվանքէն ներս: Ընթրիքին ներկայ էին տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեանները, միաբան հայրերը, Դպրեվանքի ուսուցչաց կազմը, ուսանողութիւնն ու նորընծայ միաբաններուն ծնողները:
Աւարտին, Թորգոմ սրբազանը ընթերցեց կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը: Կոնդակին մէջ հայրապետը ընդգծեց Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլին Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած ծառայական նուիրուածութիւնը:


«Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն, ձեր կարեւոր ներդրումը բերած էք, եւ կը շարունակէք բերել, Արեւմտեան թեմի գործունէութեան: Արդարեւ թէ՛ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին ճամբով եւ թէ որպէս անդամ ու ապա՝ ատենապետ Ազգային վարչութեան, գործնապէս մասնակից դարձած էք Ազգ. առաջնորդարանի ծրագիրներու իրագործման՝ ազգային-եկեղեցական, կրթական-մշակութային թէ ընկերային մարզերէն ներս: Ձեր ազնիւ տիկնոջ՝ Յասմիկին հետ մնայուն ներկայութիւն եղած էք ու զանազան միջոցներով քաջալեր հանդիսացած թեմէն ներս տարուած աշխատանքներուն», յայտնեց կաթողիկոսը կոնդակին մէջ:
Կոնդակի ընթերցումէն ետք, վեհափառ հայրապետը «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետ»ի կարգի շքանշանով զարդարեց Վահէ Յովակիմեանի կուրծքը:
