ԶՈՒԱՐԹԱՊԱՏՈՒՄ
Ամբակում Աղան՝ Հեռագրական Գործակալ
ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀ
Ամբակում աղան յատուկ միսիայով (առաքելութեամբ) կը ճամբորդէ զանազան քաղաքներ եւ երկիրներ եւ այդ առիթը օգտագործելով հետեւեալ հեռագիրները ղրկած է հրատարակութեան համար.
ՊԱՐԻԶ.- Փառք Աստուծոյ, (հայկական) պատուիրակութիւնները միացան… մազէ թելով մը եւ դիւանագիտական ժողովներու կ՛երթան մէկ ճակատ պարզած: Կը հաստատուի, թէ «օճախ»ի տեղի մասին վերջնական եզրակացութեան չհասած Ճենովա գացեր են, բարեբախտաբար մինչեւ Ճենովա հասնելնին «քոնֆերանս»ը (խորհրդաժողովը) ցրուած է:
***
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Լենին «դեկրետ» (հրամանագիր) մը բաց թողուց, որով կը յայտարարէ. «Թէեւ մենք աշխատաւոր դասակարգին հետ ենք, բայց այդ պատճառ մը չէ, որ գահակալներու հետ չճաշենք: Մենք դէմ ենք «կապիտալ»ին (դրամագլուխին) եւ «էմպէրիալիզմ»ին (կայսերապաշտութեան), բայց մեր շահը կը պահանջէ, որ եւրոպական դրամագլուխը մտցնենք մեր երկիրը շէնցնելու համար եւ միլիոնաւոր զինուորներ պահենք աշխարհը «կոմունիստ» (համայնավար) դարձնելու նպատակով: Թող մեզ չմեղադրեն կարգ մը երկիրներու անկախութիւնը կախելուս համար, հակառակ մեր «ազգերու ինքնորոշման» լօզունգին. ասիկա պարզապէս իրենց շահերուն համար է:
***
ԵՐԵՒԱՆ.- Խորհրդային Հայաստանի «կոմիսարապետ» Միասնիկեան շնորհակալութեան գիր մը ղրկեց «Նոր Կեանք-Արօր»ի խմբագրին, որ իրենց կողքին կանգնած կը ճառէ Ֆրէզնոյի մէջ, աւելցնելով եւ թելադրելով, որ իր կողքին կանգնողերը Հայաստան հրամմեն: Ասոր վրայ խմբագիրը սարսափած՝ «Չէ, չէ, հազիւ այդ պարոններէն օձիկս ազատեցի», ըսած է մտերմական շրջանակի մը մէջ, աւելցնելով. «Խօսքը մէջերնիս, մեր գրածին մենք կը հաւատա՞նք»:
(Յապաւուած)
Մայիս 30, 1922, թիւ 857