ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Հայաստանի մէջ ունեցաւ հանդիպումներ եւ քննարկեց զանազան հարցեր, յատկապէս՝ Արցախի տագնապը։
Փաշինեանի հետ հանդիպումին վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութիւնը եւ բարձր գնահատեց միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի` տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերող ջանքերը:
Տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման պարունակին մէջ, Փաշինեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Քլաար նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան խորացումը եւ կ՛աջակցի տարածաշրջանային երկխօսութեան:
Փաշինեան եւ Քլաար միտքեր փոխանակեցին պրիւքսէլեան հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ: Անոնք անդրադարձան նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերու:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին եւս անդրադարձ կատարուեցաւ նոյն նիւթերուն։ Ընդգծելով պայմանաւորուածութիւններու կամայական, իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւններու անթոյլատրելիութիւնը` Միրզոյեան կարեւոր նկատեց կառուցողական մթնոլորտի ապահովման վերաբերող հռետորաբանութեան եւ գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անընդունելի նկատեց ռազմատենչ յայտարարութիւններու եւ սահմանային սադրանքներու միջոցով Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը ապակայուցանցնելու՝ Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը: