ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռիա Նովոստի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան խօսեցաւ Արցախի տագնապին եւ իրենց պատկերացուցած լուծումներուն մասին։
Ան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն միջազգային ճանաչման վերաբերող իրենց ջանքերը: «Մենք շարունակելու ենք ջանքեր գործադրել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումից յետոյ հնարաւոր կը լինի դիտարկել նաեւ հանրապետութեան` Հայաստանի կազմ մտնելու հարցը», ըսաւ ան։
Բեգլարեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան այս պահուն «իրեն ուժեղ է զգում», բացի այդ, այդ երկիրը ռազմաքաղաքական աջակցութիւն կը ստանայ Թուրքիայէն, այդ պատճառով ալ Արցախի իշխանութիւնները ուղիներ կը փնտռեն, որպէսզի «աստիճանաբար, քայլ առ քայլ լուծեն իրենց խնդիրները, իսկ հետագայում արդէն` Ադրբեջանի հետ ուղիղ բանակցութիւնների միջոցով»:
Ըստ Բեգլարեանի՝ Ատրպէյճան պէտք է պատրաստ ըլլայ խաղաղութեան:
Ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միշտ կապ կը հաստատեն՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման կարելիութեան շուրջ: Ըստ պետական նախարարին՝ կարելի է պնդել, որ Հայաստան փաստօրէն ճանչցած է Արցախը, որովհետեւ հանրապետութիւններուն մէջ կը գործեն հորիզոնական կապեր` «ինչպէս նմանը նմանի հետ»:
Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները այն կարծիքին են, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ մասնակցի: «Հաշուի առնելով Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափը եւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը` մենք կարծում ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը չպէտք է Եւրամիութեան համար դառնայ բանակցութիւնների առարկայ», ըսաւ ան։
Ըստ անոր՝ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն անիկա պէտք չէ մաս կազմէ Արեւմուտքի հետ Ռուսիոյ բարդ յարաբերութիւններուն:
Բեգլարեան յիշեցուց հարցի լուծման համար գործող ձեւաչափին` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մասին, որ կը կրէ հակամարտութեան կարգաւորման ամբողջ պատասխանատուութիւնը:
Ան շատ կարեւոր նկատեց Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան ներկայութեան փաստը: «Կարծում ենք` որ խաղաղապահ առաքելութիւնը պէտք է այստեղ մնայ անժամկէտ, քանի որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ», նշեց Բեգլարեան։ Ան մասնաւորապէս յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնները կ՛ուզեն տարածաշրջանին մէջ պահպանել ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը, որովհետեւ Ատրպէյճան պատրաստ չէ բանակցութիւններու միջազգային միջնորդներուն առաջարկած երեք յստակ սկզբունքներու հիման վրայ` տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք եւ ուժի ու ուժի սպառնալիք չկիրարկել: «Ներկայում կայ Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահների առկայութեան սուր անհրաժեշտութիւն», շեշտեց Արցախի պետական նախարարը:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերուն թիւը պէտք է աւելնայ։ «Մենք կարծում ենք, որ ռուս խաղաղապահների թիւն անհրաժեշտ է աւելացնել ու ընդլայնել նրանց լիազօրութիւնները», նշեց Բեգլարեան` պատճառաբանելով այն փաստով, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք շփման գիծը երկարած է գրեթէ 2.5 անգամ:
Բեգլարեան նաեւ մեղադրեց Ատրպէյճանը՝ սահմանային միջադէպեր հրահրելու մէջ:
Ըստ անոր՝ տեսանելի ապագային Արցախի հարցի կարգաւորումը հնարաւոր չէ, որովհետեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայ դիրքորոշումներու լուրջ հակասութիւն. անոնք «տրամագծօրէն հակառակն են»: Բեգլարեան նշեց, որ ամէնէն կարեւոր տարբերութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանի համար դա «հեղինակութեան, յաւակնութիւնների» հարց է, իսկ Արցախի բնակիչներուն համար` «կեանքի ու մահուան, սեփական գոյութեան ու պատմական արդարութեան հարց»: