Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական «Ֆայլաք Շամ» ահաբեկչական զինեալ խմբաւորման տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան եւ ովիրաւորուեցան, երբ հիւսիսային Իտլիպի մէջ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ խմբաւորման պատկանող զինապահեստանոցի մը մէջ մեծ պայթում մը պատահեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ պայթումը պատահած է հրթիռներ եւ զէնքեր պարունակող ու Պապսաքա գիւղին մօտ գտնուող մեծ պահեստանոցի մը մէջ:
Պայթումին պատճառը կը շարունակէ մնալ անյայտ, սակայն, ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, անիկա անծանօթ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի մը պատճառով պատահած է:
Հրթիռներու եւ զինամթերքի իրերայաջորդ պայթումներուն պատճառով մօտակայ գիւղերուն մէջ քաղաքայիններ վիրաւորուած են:
Աղբիւրներ Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ պայթումը պատահած է, երբ զինապահեստանոցին մէջ եւ շուրջը կային տասնեակներով «Ֆայլաք Շամ»ի անդամներու ղեկավարներ, որոնք պահեստանոցը կը քննէին` առ ի պատրաստութիւն Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանը զէնք-զինամթերքի փոխադրութեան: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ անիկա տեղի կ՛ունենար թրքական գաղտնի սպասարկութեան վերահսկողութեամբ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն մօտ սկսած ուժերու կուտակման ծիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր. «Թուրքիան մուտք կը գործէ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին 30 քիլոմեթրնոց ապահովութեան գօտի ստեղծելուն ուղղուած գործողութեան յաջորդ փուլը: Յառաջիկային թրքական բանակը Թել Ռիֆաաթի եւ Մընպեժի շրջանները պիտի զտէ այստեղ գործող ահաբեկչական կառոյցներէն: Աստիճանաբար այդ գործողութիւնները պիտի տարածուին նաեւ (Սուրիոյ հիւսիսի) միւս շրջաններուն վրայ»:
Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարելով՝ գրած է հետեւեալը. «Հիւսիսային Սուրիոյ վրայ որեւէ թրքական յարձակում ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ զինուորական գործողութիւններուն վրայ»: