Անձը Աստուծոյ ընծայաբերելու բարի տրամադրութիւնը հասկնալու դժուարութիւնը ակներեւ է կարգ մը մարդոց մօտ: Անոնցմէ ոմանք տակաւին չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ նուիրուիլ, ինչպէ՞ս է այդ գործընթացը եւ մանաւանդ նուիրումէն ետք ի՞նչ պէտք է ընել եւ ի՞նչ չընել: Այսպէս, ոմանց համար պարզապէս Աստուծոյ տրուած անուններէն մէկուն յաճախակի օգտագործումը եւ բերնի մէջ ծամոնի վերածումը «Աստուծոյ նուիրուիլ» մըն է: (Հակառակ այն իրողութեան, որ Աստուծոյ անունը սուրբ պահելու պատուիրան մը գոյութիւն ունի Աստուածաշունչին մէջ): Ուրիշներու համար «ապաշխարութիւն» բառը մնայուն կերպով մտածումներու կեդրոնը ունենալը, կամ անոր լղորճումը մեր լեզուին տակն ու վրան, դարձեալ «Աստուծոյ նուիրուիլ» մըն է: Անշուշտ, նման մարդոց ըմբռնումով, այս տիպի «նուիրումներուն» այլոց կողմէ իմացումը եւ գնահատանքը կու գայ կնիքը դնելու Աստուծոյ իր անձը նուիրաբերողին ինքնագոհացման ձեւական արարքին:
Աստուծոյ նուիրաբերման այս խորագիրը շա՜տ ընդարձակ է: Կարելի է ըսել, որ իւրաքանչիւր անձ իր համոզումները կրնայ ունենալ այդ մասին եւ իր ըմբռնած ձեւով ինքզինք նուիրաբերել Աստուծոյ: Սակայն, մեր անձը Աստուծոյ ընծայելու հասարակաց պարտաւորութեան մը դիմաց կը գտնուինք ամէնքս, իբրեւ Իր կողմէ ստեղծուած էակներ:
Սա քարոզ մը չէ, այլ ինքնագիտակցութեան կոչ մը իւրաքանչիւր մարդու ուղղուած, անդրադառնալու իր ո՞վ եւ ի՞նչ ըլլալուն: Եթէ մարդ ես, նիւթեղէն ու հողեղէն գոյութիւն մը, որոշ պարտաւորութեան դիմաց կը կանգնիս, հանդէպ Անոր, որ այդ գոյութիւնը պարգեւեց քեզի: Ընդունիս կամ ոչ Անոր գոյութիւնը, պիտի ընդունիս գէթ քու հողեղինութիւնդ, փճացումի ենթակայ ֆիզիքական մարմինդ, ի դիմաց Անոր, որ հեռու է ապականութենէ եւ իր հոգեղէն ներկայութեամբ միտքդ ու հոգիդ կը պարուրէ կամքէդ անկախաբար:
Առաջին աստիճանի այս նուիրաբերումը ամէնէն բնական մղումով կը կատարուի: Նոյնիսկ ներքնապէս զգացուած աստուածավախութիւն մը բաւարար է զայն կոչելու համար նուիրաբերում Աստուծոյ: Այդ աստուածավախութիւնը ինքնին մեզ կը դնէ երկիւղածութեան ու խոր յարգանքի ազդեցութեան տակ, մեր բնութենէն տարբեր՝ հոգեղէն սկզբնաղբիւրի մը մեծութեան դիմաց:
Աստուծոյ ընծայաբերումի հնագոյն օրինակներուն կը հանդիպինք հեթանոսութեան ծիսակարգին մէջ, ուր մարդկային զոհաբերումներու ահաւոր ու աղիողորմ տեսարաններ կը պարզուէին: Անդրանիկ զաւակներու զոհաբերում, տօնական կամ յաղթանակի առիթներով չաստուածներուն մարդկային զոհեր մատուցելու վայրագ արարողութիւններ, որոնք ցասում ու սարսուռ կը պատճառեն նոյնիսկ դարեր ետք զանոնք կարդացողներուս: Քաղաքակրթութեան հետ զարգացաւ նաեւ անձը Աստուծոյ նուիրելու գաղափարը, մարդկային զոհէն անցնելով կենդանականին ու նիւթականին: Նոյնիսկ իրենց նորածին երեխաները տաճարին ընծայելու սովորութեան պահպանումը արգելք չեղաւ, որ անոր փոխարէն կենդանական կամ նիւթական զոհաբերում մը կատարուի ծնողքին կողմէ: Իսկ քրիստոնէական դարաշրջանին, եկեղեցին ամբողջութեամբ կարգաւորեց այս հարցը եւ մոմավառութեան գեղեցիկ սովորութեամբ փոխարինեց զոհի մատուցման գաղափարը, Աստուծոյ Տունը վաճառատան մը, մսավաճառի խանութի կամ գարշահոտ մարդակիզումներու սարսափազդու տպաւորութենէն վերջնականապէս դուրս բերելով:
Նուիրական այս նպատակը՝ Աստուծոյ ընծայուելու գաղափարը, ոմանք «դարձ»ի մը հետ կ’առնչեն: Ցնցիչ դէպք մը, արկածէ մը վերապրում, կամ՝ տեսիլքի մը յայտնութիւն, երբեմն պատճառ կը դառնան կարգ մը անձերու, իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրելուն: Սա վիճակի մը, ազդեցութեան մը ենթակայ ընծայում է, եթէ կարելի է այդպիսով բացատրել սոյն ինքնընծայումը: Այսինքն՝ եթէ չըլլար այդ դէպքը, կամ չպատահէր պատահածը, անձը բնաւ պիտի չմտածէր ինքզինք Աստուծոյ ընծայելու մասին: Ոմանք չեն վարանիր իրենց այս դարձին մասին պատմելու ամէնուն: Այդպիսիներ այս ինքնախայտառակութիւնը, Աստուծոյ ու մարդոց դիմաց «վկայութիւն տալ» կը համարեն, հոգեկան սին բաւարարուածութեան զգացումը ունենալ կեղծելով: Անշուշտ չափազանցութիւնը, այս պարագային, դրական ու շինիչ նկատելու մարմաջը ակներեւ կը դառնայ, անցեալը կարելի եղածին չափ ողբերգական ներկայացնելու յատուկ դիտաւորութեամբ: Հոս, այլեւս տուեալ անձը «փրկուած մը» ըլլալով, խրոխտաբար կը բացայայտէ իր անցեալի «հերոսութիւնները», երեւակայական թռիչքներ տալով դէպքերուն, երբեմն մրցելով անզուգական «Քաջ Նազար»ին հետ, տեսնելու, թէ ո՞վ աւելի ճանճ սպաննած է իր կեանքի ընթացքին…:
Այս դարձին ոմանք կու տան «զղջում, «ուխտ», կամ ծայրայեղ պարագային «ապաշխարութիւն» աւետարանական գեղեցիկ անունը, որուն չարաշահումը այլափոխած է անոր դաստիարակիչ իմաստը: Ուխտով մը պայմանաւորուած դարձ մըն է անոնց ըմբռնածը, անգամ մը եւս միեւնոյն սխալը չկրկնելու որոշումով եւ աշխարհին ու աշխարհայինին երես դարձնելու կամքով զսպանակուած: Այս ինքնընծայումը միամտաբար նաեւ ինքնազրկում իբրեւ կը ներկայացուի եւ յաճախ ինքնաչարչարութեան ալ կը վերածուի: Հետաքրքրական է սակայն այն երեւոյթը, որ իսկական ապաշխարութեան թելադրած հոգեկրթումի փոխարէն միայն մարմնակրթանք կը կատարուի այստեղ: Որովհետեւ ինքնաչարչարութեամբ մարմնակրթանք կատարողը չի՛ դադրիր չարահնար երեւակայութիւն ունենալէ, լեզուն իբրեւ երկսայրի դաշոյն գործածելէ, կեղծուպատիր բարեպաշտութեամբ հմայելէ կամ կիսախուփ աչքերով բարի ձեւանալէ: Մինչդեռ մարմնակրթանքի փոխարէն, ճշմարիտ ապաշխարութիւնը հոգեկրթանք կը թելադրէ, ինչ որ կ’ուսուցանէ Աւետարանը նախակարապետ Յովհաննէսի բերնով. «Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք, որ ապաշխարած էք» (հմմտ. Ղկ. 3.8):
Ինքնաչարչարութեամբ անձնուիրումի երեւոյթին շատ հարազատ է ճգնողական կեանքի եւ ապաշխարութեան միջեւ տարբերութիւնները որոշելու դժուարութեան մէջ եղողին պարագան: Պատահած է, որ ընտանիքի տէր անձ մը նման շփոթի մէջ իյնայ, պատճառ ըլլալով իր սեփական ընտանիքին քայքայման: Այստեղ շփոթ մը կը ստեղծուի հարկադրաբար. անձնուիրումը կը դառնայ մեր անձով աւելի՛ զբաղելու առիթ, քան՝ զայն ամբողջութեամբ մոռնալու: Անձին գործունէութեան նկատմամբ ուշադրութիւնը, զայն մեղքէն հեռու պահելու մնայուն ճիգը, ընկերային հաճոյքներէ հեռու մնալու բացայայտ երեւոյթը արդեօ՞ք մեր անձը հետաքրքրութեան կեդրոն չեն դարձներ…: Մինչդեռ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ընծայումը անձը մոռնալու եւ աստուածայինը մտածելու առիթ պէտք է հանդիսանայ:
Քրիստոնէական նախնական դարերուն, անապատական հայրերու փաղանգ մը եկաւ հարստացնելու եկեղեցին, որոնք աղօթքով ու ծոմապահութեամբ ապրեցան ճգնողական կեանք մը, հեռու աշխարհէն ու մարդոցմէ, այդպէս ըմբռնելով Աստուծոյ նուիրուելու գաղափարը: Պէտք է յարգել ժամանակի մտածողութիւնը եւ անոնց հոգեկան ապրումներն ու կրօնական զգացումները: Դարաշրջանի ոգին, հալածանքները, բռնի գաղթերն ու պատերազմները եւ կեանքի նիւթական դժուարութիւնները իրենք ստիպեցին, որ եկեղեցին եւս իր կարգին բացուի աշխարհին: Եկեղեցին Սուրբ գիրքի մեկնաբանութեան յատուկ օրէնքով ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ նուիրուելու արտաքին կերպերն ու եղանակները այնքան ալ կարեւոր չեն, որքան ներքին՝ մարդկային սիրտին ու հոգիին նուիրաբերումը Աստուծոյ, երբեմն հեռու մարդոց աչքերէն, երկնային վարձատրութեան ակնկալիքով:
Փոխանակ ճգնաւորական դրութեան, Եկեղեցին նաեւ ընդունեց, Աստուծոյ «պաշտօնեայ» կամ «սպասաւոր» դառնալու կամաւոր ընծայումով կատարուած անձի նուիրաբերումը Աստուծոյ: Այստեղ պտղատու նուիրաբերում մը տեսաւ Եկեղեցին, փոխանակ անձաւներու մէջ փակուած, խոնաւ ու մութ անկիւնի մէջ կատարուած վերացական, եսակեդրոն աղօթքին: Դարձեալ անշուշտ պէտք է յարգել ժամանակի ոգիին ազդեցութեամբ կատարուած այս ընծայաբերումը, խուսափելով աշխարհի տաղտուկէն ու վախնալով մեղքի կրակին լափլիզող լեզուներէն:
Եկեղեցւոյ սպասաւոր դառնալու ինքնընծայումին մէջ, ան տեսաւ նաեւ անձի ընծայաբերում մը, որուն հիմնական նպատակն է Եկեղեցւոյ Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի առաքելութեան շարունակումը այս աշխարհի վրայ: Առաքեալներու գործերը ներկայացնող գիրքը Նոր Կտակարանին մէջ ձեռնադրութեամբ փոխանցուող այդ յաջորդականութեան մասին օրինակներ կու տայ (հմմտ. Գրծ. 6.6.): Այս իմաստով ահա, Եկեղեցին չի՛ հանդուրժեր, որ ինքնակոչ անձեր, իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրելու մանկապատանեկան իրենց երազները իրականացնելու տենչով, ընդօրինակեն Աստուծոյ օծեալ պաշտօնեային պարտականութիւնը: Աղանդներուն ու անոնց գլխաւորներուն ամբողջ կատարածը, մանկական երազներու իրականցումով սկսող, սատանայական մեքենայութեամբ իրագործուող ու անձնական շահով աւարտող դէպքերու շարան մըն է: Մինչ եկեղեցին, իր Քրիստոս-հիմով, եւ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ, դէպի իսկական փրկութիւն տանող ՄԻԱԿ, ՈՒՂԻՂ ու ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ճամբան է: Այդ ճամբուն անաղարտ ու ապահով պահպանման համար գումարուած են Տիեզերական կոչուած ժողովները, միահամուռ ճիգով պատուար կանգնելու սատանային բոլոր արբանեակներուն գործունէութեան դէմ:
Եկեղեցին ի՛նք է Աստուծոյ հնազանդութիւն ուսուցանելու բարձրագոյն վարժարանը, աղօթանուէր կեանքի իսկական երդիքը եւ կարօտեալին օգտակար հանդիսանալու ծառայական կեանքի օրինակելի օրինակը: Անձը Աստուծոյ նուիրաբերելու գիտակցութիւնը կը մղէ իրագործելու այս երեքը՝ Աստուծոյ, մեր անձին ու մեր շրջապատին ի նպաստ ապրող ու գործող տարր մը դարձնելով մեզ:
Դո՛ւն ինչպէս կ’ուզես նուիրուիլ Աստուծոյ: Ընտրէ՛ ճամբադ, սակայն նայէ՛, որ օրինաւոր ըլլայ այն, Աւետարանի սկզբունքներն ու եկեղեցւոյ աւանդութիւնները յարգելով, որովհետեւ անոնց ոտնակոխումը ջուր կը լեցնէ աղանդաւորական շարժումներու քանդիչ ջրաղացին: