
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, պատասխանելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հարցումներուն՝ նշեց, որ Պաքու բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին աջակցելու մասին:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան դրականօրէն արձագանգած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման եւ անոնց մասնակցութեամբ երեք հանդիպում կատարելուն: Պայրամով այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը կոչեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին յղուած «դրական ուղերձներու օրինակ»:
Ըստ Պայրամովի՝ 44օրեայ արցախեան պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան «մէկ կողմ դրած է անցեալի վէրքերը»՝ յայտարարելով «խաղաղութեան եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութեան մասին»:
«Հայաստան մէկ տարիէ ի վեր կ՛անտեսէ Ատրպէյճանի խաղաղութեան կոչերը: Հակառակ ատոր, Պաքու այս տարուան սկիզբը հրապարակած է այն սկզբունքները, որոնց վրայ կարելի է հիմնել ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը», պնդեց Պայրամով, ըստ որուն, Պաքուի «խաղաղութեան օրակարգը» դրական արձագանգ ստացած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան: «Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները վերջին երկու ամիսներուն երկու դէմ առ դէմ հանդիպում ունեցած են», յիշեցուց Պայրամով՝ նշելով, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ, այլ հարցերու կողքին, ներառուած է նաեւ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:
Պայրամով ըսաւ, որ Հայաստանէն սկսած են որոշ դրական ազդակներ գալ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:

«Այս ազդանշանները մենք կ՛ընդունինք իբրեւ դրական քայլեր: Այս ուղղութեամբ շարժման շարունակականութիւնը կը բխի ո՛չ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի շահերէն: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամէնէն շատ անհրաժեշտ է ինքնին Հայաստանին։ Երեւան պէտք է ճիշդ գնահատէ իրավիճակը եւ կատարէ ճիշդ եզրայանգումներ», ըսաւ ան:
«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման բանակցութիւններուն գծով, Պայրամով նշեց, որ այս հարցին մէջ տակաւին յստակ արդիւնքներ չկան: «Հայաստան տարբեր պատրուակներով կը ձգձգէ այս հոլովոյթը», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով. «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բացայայտօրէն կը յայտարարեն. «Մենք Երեւանի հետ խնդիրներ չունինք: Մեր երկիրները հանդէս կու գան Հայաստանի հետ բնական բարի դրացիական յարաբերութիւններու օգտին: Եթէ Երեւան համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ, յարգէ միջազգային օրէնքի արժեչափերը եւ նկատի ունենայ շրջանի իրողութիւնները, լաւ արդիւնքները կարելի պիտի դառնան»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին ամերիկացի պաշտօնեաներու հետ քննեց Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Հաճիեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցաւ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տանֆրիտի եւ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ:

Նաեւ, Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըրի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Պաքու յոյս ունի Հայաստանի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր մը, «որ նոր լիցք պիտի հաղորդէ տարածաշրջանի երկիրներու զարգացման»:
Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Պաքու «խաղաղութեան եւ կայունութեան կողմնակից է», կը նշուի խորհրդարանին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ Ատրպէյճան-Ամերիկա յարաբերութիւնները: Ատրպէյճանցի պաշտօնատարը ընդգծեց, որ «Ատրպէյճան շահագրգռուած է խորացնելու համագործակցութիւնը ո՛չ միայն դաշնակցային մակարդակով, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն հետ»: